2015-09-15 13:44:00

Հրատարակուեցաւ Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակիցներու ցանկը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 15 սեպտեմբեր 2015-ին, հրապարակուեցաւ Եպիսկոպոսներու ԺԴ սիւնհոդոսի սովորական նիստի մասնակիցներու ցանկը։

Սիւնհոդոսը տեղի  պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 4 – 25 հոկտեմբեր 2015­, որպէս նիւթ ունենալով ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ''։

Սիւնհոդոսը տեղի կ՛ունենայ նախագահութեամբ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին։ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարն է գերապայծառ Լորենցօ Պալտիսսերի իսկ պատգամաւոր նախագահներն են` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուա, Փարիզի Արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ, Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Ռայմունտօ Տամաշենօ Ասսիզ, Ափարեսիտայի Արքեպիսկոպոսը եւ Կարդինալ Ուիլֆրիտ Ֆոքս Նափիէ, Տուրպանի Արքեպիսկոպոսը։

Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողն է Կարդինալ Փիթեր Էրտօ, Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոսը եւ Հունգարիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ, իսկ սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարն է գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ իտալիոյ Քիեթի-Վասթօ թեմին առաջնորդը։

Յայտնենք թէ վերոյիշեալ Սիւնհոդոսական նիստերուն  կը մասնակցի նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Արհ Լեւոն գերապայծառ Զէքիեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.