2015-09-15 10:24:00

''Անձինք նուիրեալներու'' կեանքին մասին գիրքի բաշխում։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 16 սեպտեմբերին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին  պիտի բաշխուի ‘’սիրել` ամէն բան տալ է’’ վերտառութեամբ գիրք մը, հայող` ''Անձինք նուիրեալներու'' կեանքին։

''Ծրագիրը կը պարտինք տիար Daniel Pittet-ի, ընտանիքի հայր մը, որ որոշած է իրականացնել այս հատորը Զուիցերիոյ ''նուիրեալ անձերու'' մասին, ի նշան երախտագիտութեան բոլոր կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն տածած աշխատանքին ու առաքելութեան համար'' – յայտարարած է Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը։

Իր այս աշխատասիրութեան համար Daniel Pittet հաւաքած է նուիրեալ անձերու 300 վկայութիւններ, որոնցմէ 80-ը ներփակուած են վերոնշեալ գրքոյկին մէջ որուն վերնագիրը  ընտրուած է անձամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, ներշնչուելով Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի կեանքէն։

Գիրքը որ թարգմանուած է 12 լեզուներու տպագրուած է 500 հազար օրինակով։ Հատորը նոյնպէս պիտի բաշխուի երիտասարդ նուիրեալ անձերուն եւ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասնակցող բոլոր երիտասարդներուն (Յուլիս 2016` Լեհաստանի Քրաքովիա քաղաքին մէջ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.