2015-09-15 10:34:00

Ան որ կը գաղէ միշտ սերմանողը չէ


Յիսուս կ'ըսէր. «Աստուծոյ արքայութիւնը նման է մարդուն որ սերմը ցանեց հողին մէջ: Ինք քնանայ կամ հսկէ, գիշեր ցորեկ սերմը կը ծլի, կ'աճի եւ ինք չի գիտեր ինչպէս: Հողը ինքն իրմէ կու տայ նախ խոտը, յետոյ հասկը եւ ապա ատոք հատիկները հասկին մէջ: Երբ բերքը հասուն է, կը ղրկեն մանգաղը, որովհետեւ հունձքի ժամանակն է:» (Մարկ 4, 26-29)

Տէ՛ր, զիս կը հրաւիրես որ ապրիմ վստա-հութեան մէջ: Սուրբ Հոգիին հետ, որ սիրոյ եւ զօրութեան ձրի շնորհքն է, պէտք չէ վախնամ սերմանելու բարի լուրը եւ զայն աւետեմ անվախօրէն: Սերմանին տէրը զայն պիտի բողբոջէ, հողէն դուրս պիտի բերէ եւ մարդոց սրտի զղջումի պտուղներ բուսցնէ: Այս ուրախ լուրը աշխարհի երեսը պիտի փոխէ: «Մի վախնաք, ընթացէք վստահ քայլերով ձեր հաւատքին մէջ. Տէրը ձեզի հետ է»:

Ի՞նչ կը նշանակէ Տէր, թագաւորութիւն, արքայութիւն որոնց մասին յաճախ կը խօսիս Աւետարանիդ մէջ: Ես ալ կ'ուզէի մաս կազմել անոնց բայց շատ շփոթ գաղափար ունիմ անոնց մասին:

Պիղատոսին յստակ կերպով ըսիր որ քու թագաւորութիւնդ այս աշխարհէն չէ, ապա թէ քու զինեալներդ կռուած կ'ըլլային քեզ պաշտպանելու համար կամ ալ ինչպէս նորէն ըսիր երկինքէն հայրդ  հրեշտակներու զօրքեր պիտի ղրկէր քեզ ազատելու համար: Ուստի ասկէ կը հասկնամ որ քու թագաւորութիւնդ եւ արքայութիւնդ, որոնք քու առաքելութեանդ քարոզութեան կեդրոնն են, զինուորական եւ քաղաքական հանգամանք չունին:

Արդարեւ, երբ անոնց մասին կ'արտայայտուիս, իրապաշտ խօսքեր կը գործածես որպէսզի մեր աչքերուն այս թագուն ճշմարտութիւնները կարենանք հասկնալ քայլ առ քայլ, որպէսզի արմատներ ցանեն մեր սրտին մէջ: Քու առաքելութեանդ նպատակն է մեզի ճանչցնել այս արքայութիւնը որ արդէն մեզի կը պատկանի:

Արքայութեան մասին խօսելով, սերմանողին առակը կը պատմես: Այս առակը, Տէր, դիտումնաւոր կերպով ընտրեցիր որովհետեւ քու ունկնդիրներուն շատերը սերմանողներ էին եւ շատ լաւ ըմբռնած էին որ սերմը կը բուսնի անկախաբար իրեն կամքէն, առտու եւ իրիկուն կ'աճի, արթուն ըլլան թէ քնացած: Նոյնպէս մեզի կ'ուսուցանես որ սերմը գաղողը միշտ սերմանողը չըլլար: Մենք կը գաղենք ինչ որ ուրիշները ցանեցին եւ մեզմէ վերջ եկող-ները մեր ցանածը պիտի գաղեն: Այո, Տէր, ամէն բան իր ժամանակը ունի:

Ի՞նչ կ'ուսուցանես Տէր այս առակով: Մանանեխի հատիկը փոքրագոյնն ըլլալով հանդերձ, ցանուելէ ետք, կը դառնայ բանջարներուն բարձրագոյնը: Ուստի պէտք չէ յուսահատինք եթէ մեր ցանածը փոքրագոյնն է հատիկներուն մէջ: Ինչ որ կարեւոր է, կ'ուսուցանէ Տէրը, աշխատիլն է (սերմանել) եւ գիտնալ սպասել, յուսալ, աղօթել եւ ամէն բան յանձնել Տիրոջ: Ուրիշ խօսքով, ամէն ինչ Սուրբ Հոգիին որ իր զօրութեամբը պիտի աճեցնէ ինչ որ մենք սերմանեցինք:

Տո՛ւր, Տէ՛ր, որ ըլլանք լաւ եւ հաւատարիմ գործաւորներ որպէսզի կատարեալ կերպով արդիւնաւորենք մեզի յանձնուածը:

Ըրէ՛ Տէ՛ր, որ համոզուինք որ մենք պարզ ծառաներ ենք եւ դուն ես սերմանին տէրը եւ տուր մեզի շնորհքը քեզի հաւատարմօրէն հետեւելու համար:

Ո՜վ Կոյս Մարիամ, ցոյց տուր ինծի այսօր, ճանապարհը որ կ'առաջնորդէ դէպի գթութեան Հայըդ, որուն մենք պարտինք հետեւիլ սերմանելով անոր խօսքը Սուրբ Հոգիին ներդրումովը մեր սրտին մէջ, որպէսզի մանանեխի հատիկը լաւ եւ արդիւնաբեր հողի մէջ բուսնի:

Սորվինք «ողորմութիւն» ցանել մեր շուրջը, ներելով ուրիշներուն եւ համբերելով զանազան նեղութիւններուն Քրիստոսի արքայութեան իրականացման եւ մարդկութեան փրկութեան համար: Ամէն:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.