2015-09-12 11:03:00

Վատիկանէն քահանայապետական ամարանոց գնացք։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 12 սեպտեմբեր 2015-ին,  Վատիկանի թանգարանի նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ իտալական շոգեկառքի ընկերութեան,  սկիզբ առաւ Վատիկանէն դէպի քահանայապետական ամարանոց տանող գնացքի սպասարկութիւնը, սահմանուած ուխտաւորներու, զբօսաշրջիկներու ու հետաքրքիրներու։

Ամէն շաբաթ օրը ուխտաւորներն ու զբօսաշրջիկները կարելիութիւն պիտի ունենան գնացքը առնել Վատիկանի կայարանէն մինչեւ քահանայապետական ամարանոց։

Այս նախաձեռնութեամբ առիթ կը ստեղծուի միացնել Վատիկանը` քահանայապետական ամարանոցի, ուր ճանապարհորդները` այցելուները, կարելիութիւն պիտի ունենան վայելելու առաջին անգամուան համար քահանայապետական ամարանոցի գեղարուեստական հարստութիւնները ու բնութեան գեղեցկութիւնը։ 

Նոր սպասարկութիւնը, մտածուած ողորմութեան արտակարգ տարւոյն առթիւ, սկսաւ գործել օգտագործելով պատմական շոգեկառք մը։

Յայտնենք որ քահանայապետական ամարանոցը, մինչեւ երէկ անմատչելի էր հանրութեան ու վերապահուած Հռոմի քահանայապետին ու անոր անմիջական գործակիցներուն։

Ներկայ Քահանայապետը` ֆրանչիսկոս, հրաժարելով ամառնային բնակութենէն, դռները լայն բացաւ ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն, որոնք վստահաբար երախտապարտ պիտի ըլլան Հռոմի Պապին այս մեծ նուէրին համար, վայելելով իտալական ոճով յօրինուած այգիները, բնութիւնը ու պալատներու մէջ զետեղուած գեղարուեստական իւղանկարներն ու արձանները։

Նման գեղարուեստական պտոյտ մը վայելելու համար կարելի է թղթատել Վատիկանի Թանգարաններու կայքը. www.museivaticani.va.








All the contents on this site are copyrighted ©.