2015-09-12 08:41:00

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին 1000 օրինակ Հայերէն Քուրան նուիրուած է։


Թուրքիոյ «Պիլկի մերքեզի» հետազօտական եւ հրատարակչական ընկերութեան սեփականատէրեր Մուրատ Ռումեւլեքլիօղլու, Մուրատ Պիչեր եւ թարգմանիչ Եաւուզ Այտըն այցելած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեանին:

Վկայակոչելով թրքական «Beyazgazete.com» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am կը նշէ, թէ այցի ընթացքին անոնք պատրիարքարանին նուիրած են Թուրքիոյ կրօնական հարցերով նախարարութեան աջաակցութեամբ հայերէնի թարգմանուած Քուրանի 1000 օրինակ, որոնց 500ը՝ արեւելահայերէնով, 500ը՝ արեւմտահայերէնով:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցին համար եւ նշած, որ մինչ այժմ Քուրանի որեւէ պիտանի հայերէն թարգմանութիւն չէ եղած, չնայած, որ թարգմանելու քանի մը փորձ նախապէս ալ եղած է:

«Թրքերէն չիմացող յոյնը, հր-եան կամ հայը պէտք է կարդան Քուրանը, ընկալելու այդ մշակոյթը: Ըմբռնելու այնտեղ եղած արժէքաւոր խօսքերը: Պէտք է ճանչնայ Մուհամետ մարգարէն: Նոյն կերպ Աստուածաշունչը թարգմանուած է աշխարհի տարբեր լեզուներով եւ կը կարդացուի իւրաքանչիւր հասարակութեան կողմէ: Ես մէկական օրինակ պիտի ուղարկեմ բոլոր եկեղեցիներուն, բոլորը պիտի ունենան զայն, ժողովուրդէն փափաքողներուն եւս պիտի բաժնեմ», ըսած է պատրիարքի փոխանորդը:

Ըստ աղբիւրին՝ ընդհանուր առմամբ հրատարակուած է հայերէն Քուրանի 5000 օրինակ, սակայն նպատակ կայ այդ թիւը հասցնելու 300,000ի:








All the contents on this site are copyrighted ©.