2015-09-12 08:15:00

Հալէպի Ասորի կաթողիկէ առաջնորդին կոչը. ''Օգնութեան հասէք մեզի''։


(Ռատիօ Վատիկան) Իմ հաւատացեալներուս չեմ յոգնիր կրկնելէ. ‘’մնացէք, ձեզի պէտք ունինք’’, որովհետեւ եթէ քրիստոնեաները թողուն Սուրիան այս երկիրը ապագայ չունի, ըսած է գերապայծառ Շահպա` Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական մարմնին, յայտնելով իր մտահոգութիւնը ի տես քրիստոնեաներու զանգուածային հեռացումին Հալէպ քաղաքէն։ Անհամար քրիստոնեաներ ժողովրդապետութիւններէն կը խնդրեն մկրտութեան վաւերագիր մեկնելու համար Եւրոպա։ Չորս տարիներու պատերազմէն ետք Եւրոպան իր դռները կը բանայ սուրիացիներուն։

Գերապայծառ Շահպա հաստատեց որ Հալէպի մէջ կեանքը անտանելի  դարձած է։ Բնակիչները զրկուած էն ջուրէն ու ելեկտրականութենէն, մինչ ռմբակոծումները կը շարունակուին տեղալ տուներու վրայ։ Արդէն մարոնի, յոյն եւ հայ եկեղեցիներ քանդուած են։ Ասորի կաթողիկէ համայնքին կէսը արդէն հեռացած է երկրէն։

Յայտնենք թէ նոյնն է իրավիճակը քրիստոնեայ այլ համայնքներուն։ Մեր միակ փրկութիւնն է վերջ տալ պատերազմին - ըսած է Գերապայծառ Շահպա կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան ու խնդրելով  Եւրոպայի ու ԱՄՆի միջամտութիւնը որպէսզի վերջ դնեն այդ բռնութիւններուն ու անմեղներու սպանդին։

Յայտնենք որ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմինը քահանայապետական հաստատութիւն մըն է հիմնուած 1947-ին։ 2014-ին կարողացած է իրագործել շուրջ 5.614 ծրագիրներ 145 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.