2015-09-11 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 11 սեպտեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 11 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սերպիայի Հանրապետութեան նախագահը Տիար Թոմիզլաւ Նիքոլիչը ու անոր ընկերացող շքախումբը, ապա Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց ''Մարիամի անարատ սրտի զաւակներ միսիոնարներու'' միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները որմէ ետք Քլեմեթինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Կայուն զարգացման հիմնարկի'' կազմակերպած ''Կենսոլորտային արդարութեան եւ կլիմայական փոփոխութիւններ'' նիւթով հանդիպումի  մասնակիցներուն։ 

''Մարիամի անարատ սրտի զաւակներ միսիոնարներու'' միաբանութեան հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին անոնց գրաւոր յանձնած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը  նախ ուրախութիւն յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ապա ակնարկեց ընդհանուր ժողովի նիւթին` ''վկաներ եւ պատգամաւորներ աւետարանի ուրախութեան''։

Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ ''վկայ'' ''պատգամաբեր'' եւ ''ուրախութիւն'' բառերու վրայ որպէս միսիոներական հաստատութեան մը առաքելութեան հիմք։ Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ  ''Նուիրեալ Կեանքի'' տարւոյն ու այդ առթիւ իր յղած նամակին` որուն մէջ Ան հաստատած էր թէ  ''երբ մեր կեանքին որպէս կեդրոն ընտրենք Յիսուսը` մենք կարող ենք ապրիլ աւետարանի ուրախութիւնը''։

Սրբազան Պապը ապա յորդորեց յիշել անցեալը` շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, այն մեր բոլոր եղբայրներուն տուած հաւատքի վկայութեան համար, ու եռանդով ապրիլ ներկան որպէսզի յոյսով ընդգրկենք ապագան առանց վախի` վստահ ըլլալով որ Տէրն է մեզ ուղարկողը։

Մեր հայեացքը ուղղենք անոնց որոնք կը սպասեն Աստուծոյ ողորմութիւնը իրենց կեանքին մէջ թելադրեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց առաքելական գործին մէջ, ու Աստուածամօր Մայրական հովանիին յանձնելով զանոնք խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.