2015-09-11 09:40:00

Հովուական միջազգային գիտաժողով նուիրուած մարմնավաճառութեան պատուհասին։


 (Ռատիօ Վատիկան) 13-17 Սեպտեմբեր Հռոմի “Maria Bambina” հաստատութեան մօտ տեղի կ՛ունենայ Հովուական միջազգային գիտաժողով  կազմակերպութեամբ  գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու քահանայապետական խորհուրդին։

Հանդիպումին կէտ նպատակն է սերտել կարելիութիւնները մանուկներն ու կիները ազատելու մարմնավաճառութեան պատուհասէն։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ուսուցումի լոյսով  եւ ողորմութեան յոբելեանի, ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ու ընտանիքի  համաշխարհային 7-րդ հանդիպումին  ի տես, ժողովականները իրենց խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնեն մանուկներու ու կիներու  մարմնավաճառութեան հրատապ հարցին մասին։

Կարդինալ Վելիօ` նախագահը գաղթականութեան ու թափառաշրջիկութեան քահանայապետական խորհուրդին իր բացման զեկոյցին մէջ պիտի խօսի  Եկեղեցւոյ դերին մասին հանդէպ փողոցի մանուկ-կին մարմնավաճառութեան։ Ժողովին աւարտին մասնակցողները հանդիպում պիտի ունենան ֆրանչիսկոս  Քահանայապետին հետ, հինգշաբթի 17 Սեպտեմբերին։ ՄԱԿի գնահատումով  աւելի քան 5,5 միլիոն մանուկներ զոհ են մարմնավաճառութեան իսկ կիները կը հաշուեն աւելի քան 20 միլիոն։

ձեւը քննարկման ներկայացուած է բոլոր խմբակցութիւններուն անունով:








All the contents on this site are copyrighted ©.