2015-09-11 09:21:00

Եւրոպայի Խորհրդարանը դատապարտեց Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու յարգանքի պակասը։


Եւրոպական խորհրդարանը` 10 սեպտեմբերին մարդու իրաւունքները խախտող ազրպէյճանցի պետական պաշտօնատարներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ ուղղող բանաձեւ մը որդեգրեց: Բանաձեւին թեր քուէարկեցին նիստին մասնակից երեսփոխաններէն 365-ը, դէմ` 202-ը, իսկ ձեռնպահ` 72-ը:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի մէջ ճնշումներու եւ ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու թիւը կ՛աճի:

Բանաձեւը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղէ չեղեալ յայտարարելու ԵԱՀԿ-ի Պաքուի գրասենեակը փակելու որոշումը եւ շարունակէ այդ կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը: Բանաձեւի 21-րդ յօդուածին մէջ հեղինակները Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարութեան կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու Ազրպէյճանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դէտեր ուղարկելու մտադրութենէն:

Բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացուցած էր Ազատական-ժողովրդավարական խմբակցութիւնը: Վերջին պահուն բանաձեւը քննարկման ներկայացուած է բոլոր խմբակցութիւններուն անունով:








All the contents on this site are copyrighted ©.