2015-09-11 09:32:00

Դասախօսութիւններու շարք նուիրուած Երանելի Օսքար Ռոմերոյի։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Jesús Delgado, երանելի Óscar A. Romero-ին  անձնական քարտուղարը հանդէս կու գայ  շարք մը դասախօսութիւններով, որոնց ընդմէջէն կը ներկայացնէ  քաջ հովիւի` նահատակ Ռոմերօ եպիսկոպոսին ապրած կեանքի վկայութիւնները։

Գերապայծառ Տելեկատոն ոչ միայն եղած է նահատակ եպիսկոպոսին անձնական քարտուղարը  այլ այժմ կը վարէ ընդհանուր տեղապահի պաշտօնը։ Ան մօտէն հետեւեցաւ Ռոմերոյի երանացման դատին եւ այդ առթիւ հրապարակեց գիրք մը` ’’Եկեղեցին կարող չէ լռութիւն պահել'' վերտառութեամբ, ուր անտիպ վկայութիւններ կու տայ  Ռոմերոյի մասին։ Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Պերկամօ քաղաքին մէջ 10 սեպտեմբերին որուն կը յաջորդէ  Լեքքօ քաղաքը։  Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր-ին Գերապայծառ Delgado հանդիպում կ՛ունենայ Սան Պոնիֆացիոյի քաղաքացիութեան հետ։  Դասախօսութիւնները շարքը կ`եզրափակէ երկուշաբթի` 14 Սեպտեմբերին Պրեշիա քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.