2015-09-11 12:47:00

''Բոլորս պէտք է զգուշանանք կեղծաւորութենէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, սեպտեմբեր 11ի իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին, որ պէտք է ապրուի ազնուութեամբ, բարութեամբ եւ հեզութեամբ։

Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Պապը յիշեց Յիսուսի խօսքերը՝ “մի դատէք, որպէսզի չդատուիք”։ Օրուան Սուրբ Աւետարանը կը պատգամէ մեզի՝ “Ինչու՞ եղբօրդ աչքի մէջի շիւղը կը տեսնես, իսկ քու աչքիդ մէջի գերանը չես նշմարեր։ Եւ կամ՝ ինչպէ՞ս կարող ես եղբօրդ ըսել՝ եղբայր, թող որ քու աչքէդ այդ շիւղը հանեմ, իսկ դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ։ Կեղծաւոր …” (Ղուկ Զ. 39-42)

Մեկնելով Յիսուսի խօսքերը, Սրբազան Պապը յորդորեց, որ իբր քրիստոնեաներ չըլլանք կեղծաւոր. նախ տեսնենք մեր սխալներն ու պակասները եւ չդատենք ուրիշները։ Պէտք է հետեւինք Յիսուսի խրատին եւ ըլլանք վեհանձն եւ գթասիրտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.