2015-09-10 09:45:00

Պքերքէի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը 9 սեպտեմբերին Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի եւ ընկերակցութեամբ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթիի, Մուսթաֆա Հաժ Ալիի եւ Պիլալ Լաքիսի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ազգային յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հարես Շեհապ եւ գերապայծառ Էլի Խուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք սէյիտ Սէյիտ յոյս յայտնեց, որ ազգային երկխօսութեան արդիւնքներուն հիման վրայ կազմուի ազգային համախոհութեան կամք եւ երկրին դիմագրաւած քաղաքական եւ կենցաղային տագնապներու լուծման նախաձեռնութիւն:

Ան ընդգծեց նաեւ ազգային աշխատանքի կարեւորութիւնը` երկխօսութիւններուն ընդմէջէն, շեշտելով, որ անիկա կարեւոր աշխատանք է բոլորին համար:

Շրջանային տագնապներուն լուծման հարցով սէյիտ Սէյիտ հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին քաղաքական համաձայնութիւններուն մաս կազմելու աշխատանքին` մերժելով պատերազմներն ու շրջանին մէջ արիւնահեղութիւնը:

Սէյիտ Սէյիտ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ Հըզպալլան չէ որ առաջադրած է զօր. Աունի թեկնածութիւնը:

Ակնարկելով առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առաքելութիւնը Հըզպալլայի յանձնելու մասին յայտարարութիւններուն` սէյիտ Սէյիտ շեշտեց, որ այդ թղթածրարը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.