2015-09-10 10:00:00

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու տարեկան ժողովը ս. Երկրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 11-16 Սեպտեմբերին Եւրոպայի եպիսկոպոսները իրենց ժողովը պիտի գումարեն ս. Երկրին մէջ։ Հաւաքին հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Եւրոպայի բոլոր կաթողիկէ համահաւաք դասերու նախագահները ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Եւրոպայի աւագ ներկայացուցիչները։

Հաւաքը կազմակերպուած է Սուրբ Երկրին մէջ որպէս վկայութիւն` Եւրոպայի Եկեղեցւոյ  զօրակցութեան հանդէպ տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.