2015-09-09 09:47:00

ՄԱԿը Սուրիացի Գաղթականները հիւրընկալելու համակարգ մը հաստատելու կոչ ըրաւ Եւրոպային


ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին, մինչ Միջին Արեւելքէն եւ Ափրիկէէն գաղթականներ կը շարունակէին Աւստրիա եւ Գերմանիա հասնիլ, ՄԱԿը կոչ ըրաւ Եւրոպայի իշխանութիւններուն, որ անցեալ շաբթուան նման գայթակղալի կացութեանց առաջքը առնելու համար՝ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու յստակ համակարգ մը հաստատեն։ ՄԱԿի տուեալներով, միայն Սեպտեմբեր 7ին Մակեդոնիա հասած են 7000 սուրիացի գաղթականներ, իսկ Յունաստանի կղզիներուն վրայ կը գտնուին 30,000 ուրիշներ։ ՄԱԿը շեշտեց, թէ Եւրոպա պէտք է առնուազն 200,000 սուրիացի գաղթականներ ընդունի։








All the contents on this site are copyrighted ©.