2015-09-07 13:49:00

Քրիստոնեայ փոքրիկ գաղթականներու մկրտութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն մարդասիրական ընկերակցութեան տուեալներու համաձայն Իտալիա ժամանող զանազան գաղթավայրերու մէջ աճած է փոքրիկ գաղթականներու կնքուածներու թիւը։ Անոնց օգնութեան հասնողները ընդհանրապէս կնքահօր եւ կնքամօր դերը կը կատարեն եւ յաճախ այդ նորածին փոքրերու անունը առնուած է կնքահօր կամ կնքամօր անուններէն։

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն մարդասիրական ընկերակցութիւնը կը յայտնէ որ այդ գաղթականներու մեծ թիւը քրիստոնեայ են։ Անոնք հալածանքի հետեւանքով պարտադրուած են հեռանալ իրենց պապենական տունէն ու հայրենիքէն։ Դէպի Եւրոպա գաղթականութեան ալիքին սկիզբը քրիստոնեաները թիւը քիչ էր։ Անոնք անգամ մը որ  Իտալիա ժամանեն  անմիջապէս կապ կը հաստատեն տեղական եկեղեցւոյ հետ։ Անոնցմէ շատերը կը մասնակցին ժողովրդապետութեան գործունէութեան ու անոնց զաւակները կրօնուսուցումի դասընթացքներուն կը հետեւին։ Այսպէսով անոնք աւելի մեծ դիւրութեամբ կ՛իւրացնեն ընկերային կեանքը։ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւնը ընկերակցութիւնը ամէն ջանք կը թափէ որպէսզի երիտասարդները գործ եւ զբաղում գտնեն ու թիրախ չդառնան ահաբեկիչներու։

Նշենք որ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւնը  ընկերակցութիւնը` քահանայապետական իրաւատէր հիմնարկ մըն է, հիմնուած 1947-ին հայր Werenfried van Straaten կողմէ։ Անիկա կը յատկանշուի որպէս միակ կազմակերպութիւնը որ ծրագիրներ կը մշակէ հոն ուր քրիստոնեայ հասարակութիւնները հալածուած կամ ընչազուրկ են։ 2014 տարւոյն ընթացքին Ընկերակցութիւնը կարողացած է  21 երկիրներէն 105 միլիոն եւրօ հաւաքել եւ իրականացուցած 5.614 ծրագիրներ 145 երկիրներու մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.