2015-09-06 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 6 սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա ակնարկեց թէ այսօրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցուածը, (Մտթ Է. 31-37) կը պատմէ խուլ եւ համր հիւանդին բուժումը Յիսուսի ձեռքով։ Հիանալի դէպք մը, որ ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս ի´նչպէս կը վերահաստատէ մարդու ամբողջական հաղորդութիւնը՝ Աստուծոյ հետ եւ այլ մարդոց հետ։ Հրաշքը տեղադրուած է աշակերտներու միջավայրին մէջ, այսինքն՝ հեթանոս շրջանի մէջ։ Հիւանդը, որ Յիսուսի կը բերեն, կը վերածուի անհաւատը խորհրդանշող անհատի, որ իր քայլերը կ՛ուղղէ դէպի հաւատքը։ Իր խլութիւնը կ՛արտայայտէ անկարողութիւնը՝ ոչ միայն մարդոց խօսքերը հասկնալու, այլ նաեւ Աստուծոյ Խօսքը ընկալելու։ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի “հաւատքը կը ծնի լսելէն, քարոզութենէն” (Հռոմ Ժ. 17)

Յիսուս նախ հիւանդը կը տանի ամբոխէն հեռու։ Չ’ուզեր իր կատարելիք արարքը հրապարակային դարձնել։ Ոչ ալ կ’ուզէ, որ իր խօսքը ծածկուի շրջանակի գոռոցներէն եւ շաղակրատութենէն։ Աստուծոյ խօսքը, զոր Յիսուս մեզի կը փոխանցէ, կարիքն ունի լռութեան, որպէսզի ընկալուի իբր Խօսք մը, որ կը վերականգնէ, կը հաշտեցնէ եւ կը վերահաստատէ հաղորդութիւնը։

Ապա կը շեշտուին Յիսուսի երկու արտայայտութիւնները։ Ան կը դպչի հիւանդին ականջներուն եւ լեզուին։ Վերականգնելու համար այդ կաշկանդուած մարդուն յարաբերութիւնը հաղորդութեան հետ, նախ կը հաստատէ շփում մը։ Սակայն հրաշքը վերէն եկած պարգեւ մըն է, որ Յիսուս կը խնդրէ Հօրմէ։ Ասոր համար աչքերը երկինք կը բարձրացնէ եւ կը հրամայէ՝ “բացուէ”։ Խուլին ականջները կը բացուին, իր լեզուին պրկումը կը քակուի, եւ կը սկսի անսխալ խօսիլ։

Այս դէպքէն կը քաղենք այն ուսուցումը, թէ Աստուած ինքն իր մէջ չէ փակուած, այլ կը բացուի եւ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ մարդկութեան հետ։ Իր անսահման ողորմութեամբ, Ան կը գերազանցէ անսահմանութեան անդունդը, որ կը բաժնէ զԻնք եւ մեզ. եւ մեզի ընդառաջ կու գայ։ Մարդու հետ այս հաղորդութիւնը իրականացնելու համար, Աստուած կը մարդանայ. Ան չի բաւարարուիր մեզի օրէնքի եւ մարգարէներու միջոցաւ խօսիլ, այլ իր Որդոյն՝ մարմնացեալ Բանին անձին մէջ մեզի կը ներկայանայ։ Յիսուս “կամուրջներու մեծ կառուցողն” է, որ Իր անձին մէջ կը կառուցանէ Հօր հետ լիուլի հաղորդութեան կամուրջը։

Սակայն այս Աւետարանը կը խօսի նաեւ մեր մասին. շատ անգամ մենք ալ մեր մէջ ծալլուած ու փակուած ենք, եւ կը փնտռենք բազմաթիւ անհասանելի եւ անհիւրընկալ կղզիներ։ Երբեմն նոյնիսկ ամենատարրական մարդկային յարաբերութիւններ կը ստեղծեն իրականութիւններ՝ անկարող փոխադարձ բացման – փակ զոյգ մը, փակ ընտանիք մը, փակ խումբ մը, փակ ժողովրդապետութիւն մը, փակ հայրենիք մը …

Մեր քրիստոնէական կեանքի սկիզբը, Մկրտութեան խորհուրդի ժամանակ կը կատարուի նոյն արտայայտութիւնը Յիսուսի խօսքով՝ “բացուէ´”։ Հրաշքը կատարուած է, մենք բուժուած ենք անձնասիրութեան խլութենէն եւ փակուածութեան համրութենէն, եւ մուծուած ենք Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մէջ։ Կրնանք լսել Աստուծոյ, որ մեզի կը խօսի եւ կը հաղորդէ իր Խօսքը անոնց, որոնք երբեք չեն լսած, կամ անոնց, որոնք մոռցած են՝ թաղուած մտահոգութիւններու փուշերուն եւ աշխարհի խաբկանքներուն տակ։

             Սրբազան Պապը իր խօսքը փակեց, կոչ ուղղելով, որ աղօթենք Սուրբ Կոյս Մարիամի, որ մեզ հաստատուն պահէ մեր հաւատքը դաւանելու եւ Տիրոջ հրաշքները հաղորդելու պարտականութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.