2015-09-05 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց ''Աւետարանութեան բջիջներու'' անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 5 սեպտեմբեր 2015-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''աւետարանութեան ժողովրդապետական բջիջներու'' հինգ հազար անդամներուն։

Նախ քան անոնց հետ հանդիպիլը Սրբազան Պապը առաւօտեան 10-ին իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ու ապա Պրազիլի համահաւաք դասի նախագահական կազմը յանձինս եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Սերճօ Տա Րովայի, փոխ նախագահ գերապայծառ Մուրիլօ Սեպասթիանօ Ռամոս Քրիկէրի եւ ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Լէոնարտօ Ուլրիխ Սթէյնրի։

Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ  Աւետարանութեան ժողովրդապետական բջիջներու հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով ներկաները ''աղօթքի եւ խոկումի'' այս օրուան առթիւ որով կը տօնախմբուի եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնական ճանաչումը եւ սահմանադրութիւններու վերջնական վաւերացումը, շնորհակալութիւն յայտնեց ''Աւետարանութեան ժողովրդապետական բջիջներու'' հիմնադիր Հայր Փերինիին իրեն ուղղած խօսքերուն ու անոր տածած անխոնջ աշխատանքին համար։

''Դուք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ունիք կոչումը ըլլալու սերմ մը որուն միջոցաւ ժողովրդապետական հասարակութիւնը կը հարցադրէ իր ''միսիոնարականութեան'' գործունէութեան մասին ու ասոր համար իղձը ունիք հանդիպելու բոլորին ու անոնց աւետելու Աւետարանի գեղեցկութիւնը։ Ձեր այս միսիոնարական իղձը կը պահանջէ, ամենէն առաջ, Սուրբ Հոգւոյ ձայնին ունկնդրութիւնը որ կը շարունակէ խօսիլ  իր Եկեղեցիին ու զայն կը մղէ հետեւելու ճանապարհներու որոնք անծանօթ են ու սակայն կարեւոր են աւետարանումի շրջագիծն ներս։

Ձեր առօրեայ յանձնառումով  եւ միւս եկեղեցական հասարակութիւններու հետ ձեր հաղորդութեամբ, ըսաւ ապա Քահանայապետը, դուք կ՛օժանդակէք ժողովրդապետական հասարակութիւնը դարձնելու ընտանիք ուր կը յայտնուի Եկեղեցւոյ բազմատեսակ ու հարուստ իրականութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց Առաքեալներու գործերէն քաղուած հետեւեալ հատուածը ''Օր ըստ օրէ, միասիրտ յարատեւութեամբ կը յաճախէին Տաճարը եւ կը բեկանէին Հացը իրենց տուներուն մէջ եւ կերակուր կ՛ուտէին ուրախութեամբ եւ սրտի պարզութեամբ։ Կ՛օրհնէին Աստուած եւ կը վայելէին ժողովուրդին համակրանքը''։

Դուք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուզէք ձերը դարձնել այս ապրելակերպը որ կարող է բոլորը ընդունիլ առանց որեւէ մէկը դատերու, ներկայացնելով Աստուծոյ ներկայութեան եւ եղբայրներու սիրոյ փորձառութիւը։

Ձեզ կը քաջալերեմ Սուրբ Հաղորդութիւնը դարձնելու ձեր աւետարանութեան միսիոնարականութեան սիրտը, այնպէս որ ամէն մէկ բջիջ դառնայ ''Հաղորդութեան հասարակութիւն'' ուր հացը բեկանելը կը նշանակէ ճանչնալ Յիսուսի Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ։ Հոս է որ դուք պիտի գտնէք ուժը առաջարկելու հաւատքի գեղեցկութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց մատնանշելով թէ աւետարանութեան բջիջներու սահմանադրութիւնները վաւերացուեցան ''Աստուածային Ողորմութեան'' Կիրակիի օրը ու հրաւիրեց ներկաները միշտ վկայելու Հօր Աստուծոյ քնքշութիւնն ու անոր մօտիկութիւնը, յատկապէս անոնց որոնք տկար ու միայնակ են։ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը ձեր վրայ յղէ իր հայեացքը ու ձեզի թող ընկերանայ իմ օրհնութիւնս - ըսաւ Սրբազան Պապը խնդրելով ներկաներէն չմոռնան աղօթել իրեն համար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.