2015-09-05 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական հանդիպումը Abc Newsի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 5 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական կապ հաստատած է Abc News հեռուստակայանի հետ։ Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ յայտնած է, թէ ԱՄՆ կ’այցելէ ժողովուրդին մօտ ըլլալու եւ անոնց օգնելու իրենց կեանքի ճանապարհին վրայ։ Ան յայտնած է, թէ ինչ հոգիով է որ կը կատարէ 22-27 սեպտեմբերի այցելութիւնը։

“Ես ամբողջ Եկեղեցւոյ եւ բոլոր բարի կամք ունեցող այր մարդոց եւ կիներու ծառայութեան համար եմ – ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ – ինծի համար շատ կարեւոր կէտ մը կայ՝ մօտիկութիւնը։ Ինծի համար դժուար է ժողովուրդին մօտ չգտնուիլ։ Մինչ, երբ ժողովուրդին կը մօտենամ, ինչպէս ձեզի, ինծի համար աւելի կը դիւրանայ ձեզ հասկնալ եւ ձեզի օգնել կեանքի ճանապարհին վրայ։ Ասոր համար այս ճամբորդութիւնը կարեւոր է, որպէսզի մօտենամ ձեր կեանքի ճանապարհին եւ ձեր պատմութեան”։

Չիքակոէն երիտասարդ մը հարց տուած է Սրբազան Պապին՝ “ի՞նչ կը սպասէք երիտասարդներէս”։ Ֆրանչիսկոս Պապի պատասխանը ամփոփուած է երկու կէտերու մէջ՝ “առաջին՝ որ երիտասարդները կեանքի մէջ երբեք առանձին չքալեն, այլ միշտ Յիսուսի եւ Աստուածածնի հետ. եւ երկրորդ՝ քալեն քաջութեամբ։ Տխուր է, երբ երիտասարդ մը քաջութիւն չունի։ Կեանքի մէջ շատ դժուարութիւններ կան։ Սակայն մի վախնաք, դուք ոյժն ունիք դժուարութիւնները յաղթահարելու”։

Մայր մը, որ Սրբազան Պապին ներկայացուցած է ինքզինք եւ իր 11ամեայ դուստրը, արժանացած է Քահանայապետի գնահատանքին, թէ “արի կին մըն ես, որովհետեւ երկու զաւակ տուած ես աշխարհին։ Կարող էիր զանոնք քու արգանդիդ մէջ սպաննել, սակայն յարգեցիր կեանքը, յարգեցիր քու մէջդ աճող կեանքը։ Աստուած քեզ պիտի վարձատրէ։”

Վերջապէս Սրբազան Պապը անդրադարձած է ընկերային պատասխանատուութեան։ “Ընկերային բարեկամութիւնը պատճառն է, որուն համար Աստուած մեզ ստեղծած է”։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր պատգամը եզրափակած է ԱՄՆի տարածքին գտնուող կրօնաւորուհիներու “աշխատանքի դրուատիքով”, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Չիքակոյի խումբ մը ուսանողներու, որոնք իրեն խաչ մը նուիրած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.