2015-09-05 09:40:00

Փութինի կոչը ''ստեղծել ծայրայեղականութեան դիմակայման միջազգային համախմբում մը''։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց ստեղծելու ծայրայեղականութեան դիմակայման միջազգային համախմբում մը` նշելով, որ այս նախաձեռնութեան մասին խօսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:

Ան յայտնեց, որ այդպիսի համախմբում մը ստեղծելու շուրջ խօսած է նաեւ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ մղած պատերազմին մէջ Սուրիոյ զինուորական աջակցութեան ցուցաբերումը կը շարունակուի:

Ինչ կը վերաբերի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին իր սեփական ուժերով Ռուսիոյ մասնակցութեան, Փութին նշեց, որ ատոր համար տակաւին շատ կանուխ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.