2015-09-05 09:54:00

Երկու զինուոր նահատակուած է Արցախի մէջ։


Հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած գործողութեան հետեւանքով Սեպտեմբեր 4-ին` ժամը 17:00-ի մօտ մարտական խնդիր կատարելու ժամանակ նահատակուած են պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինծառայողներ Մարատ Խաչանեանը եւ Արման Ստեփանեանը:

Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն եւ կը տեղեկացնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,– կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.