2015-09-05 10:41:00

Գերյ­. Գէորգ Վրդ Ասատուրեան օգնական եպիսկոպոս Հայ Կաթողիկէ Պատրիրաքական թեմին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 5 սեպտեմբեր 2015-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որ Հռոմի մէջ գումարած է իր ժողովը, ընդունելէ ետք  Քահանայապետական հաւանութիւնը, Գերյարգելի Գէորգ վրդ Ասատուրեանը ընտրած է որպէս Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ  Պատրիարքական Աթոռի օգնական եպիսկոպոս դառնալով Ամիտա թեմին  տիտղոսաւոր առաջնորդ։

Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական բաժնի անձնակազմը, ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ լուրը իր սրտագին  բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները ներկայացնելով նորընտիր եպիսկոպոսին որ տարիներու ընթացքին եղած է նաեւ համագործակից Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին եւ պատասխանատու ''շաբաթական խորհրդածութիւններ'' հաղորդաշարին։  

 

 

Կենսագրական

Գերյարգելի Գէորգ Վրդ Ասատուրեան  Ծնած է 29 Ապրիլ 1961ին Քամիշլի, Սուրիա:

Նախակրթարանի ուսումները կատարած Քամիշլիի Սուրբ Յովսէփի եւ Անարատ Յղութեան քոյրերուն վարժարաններուն մէջ:

1972ին Զմմառու վանքի Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանը կը մտնէ:

1980ին բարձրագոյն ուսումները աւարտելէն ետք, մեծաւորներուն կողմէն կը ղրկուի Հռոմ:

1980-1985 Կը հետեւի փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսումներուն Angelicum Համալսարանին մէջ

1980-1985 Աշխատակցած է Ռատիօ Վատիկանին հայկական բաժնի անձնակազմին հետ որպէս խօսնակ       

1985-1986 Հետեւած է հովուական ուսումներուն Laterano քահանայապետական համալսարանին մէջ:

1986 Հոկտեմբեր 3ին ձեռնադրուած է քահանայ որպէս Զմմառեան Արծիւեան Միաբանութեան անդամ ձեռամբ Արհիապատիւ Անդրէաս Եպիսկոպոս Պետողլեանի:

Ամենապատիւ Գասպարեան Կաթողիկոսը զինք կ՛անուանէ որպէս փոխ տեսուչ Զմմառու Միաբանութեան Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանին:

1986-2007 վարած է Լիբանանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Եղբայրսիրութեան ձայն» ռատիօի հայկական բաժինը:

1987ին Գասպարեան Կաթողիկոսը անուանած է զինք փոխ ժողովրդապետ Սուրբ Գրիգոր-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ, Պատրիարքարանի ներքին մատակարար, Հայ կաթողիկէ ատեանին քարտուղար:

1988ին անուանուած է ժողովրդապետ Սուրբ Գրիգոր-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ զոր վարած է մինչեւ 2007, ինչպէս նաեւ հոգեւոր վարիչ Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան:

1990էն - 2000 ընտրուած է վարչական Զմմառեան Արծիւեան միաբանութեան: Ամենապատիւ Գասպարեան Կաթողիկոսը զինք անուանած է նաեւ Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ մինչեւ 1993:

1994-2006 կ՛անուանուի դատաւոր Հայ կաթողիկէ ատեանին: Աշխատակցած է նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Քարիթաս» ընկերութեան հետ, նախ իբրեւ հոգեւոր հովիւ,  ապա որպէս պատասխանատու Ժէյթաուի կեդրոնին:

Աշխատակցած է նաեւ որպէս հոգեւոր հայր Լիբանանի բանտերու եւ Ժէյթաուի հիւանդանոցին:

2007ին կը ղրկուի Ֆրանսա եւ կ՛անուանուի ժողովրդապետ Փարիզի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Փարիզի արուարձաններուն մէջ գտնուող Արնուվիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:

2012-էն ի վեր կը համագործակցի Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժնի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.