2015-09-04 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝Աստուածաբանը իր աձնական վկայութեամբ կը փոխանցէ Քրիստոսը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը տեզերիզային պատգամ մը յղած է Պուէնոս Այրէսի մէջ կազմակերպուած Աստուածաբանութեան միջազգային համագումարին, որ կազմակերպուած է Արկենթինայի Կաթողիկէ Համալսարանի աստուածաբանութեան կաճառի կողմէ՝ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի 50-ամեակի առիթով։

Սրբազան Պապը երեք հիմնական կէտերու մէջ ներկայացուցած է իր պատգամը։ «Յիշողութիւն, ուսում եւ աղօթք» սերտօրէն կապուած են Քրիստոսը աւետարանելու իրողութեան հետ։ Աստուածաբանը, նախ՝ իր ժողովուրդի զաւակն է։ Ան մօտիկ է անհատներու, պատմութիւններու եւ աւանդութիւններու։ Այն մարդն է, որ կը սորվի արժեւորել այն, ինչ որ ստացած է իբր նշան Աստուծոյ ներկայութեան։ Ան հաւատացեալ մըն է, որ փորձառութիւններ ունի Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ հասկցած է՝ թէ առանց Քրիստոսի կարելի չէ ապրիլ։ Ան մարգարէ մըն է, որովհետեւ նկատի առնելով Եկեղեցիէն ստացած աւանդութիւնները, կենդանի կը պահէ անցեալի գիտակցութիւնը, ստեղծելով ապագան՝ ուր Յիսուս պարտութեան կը մատնէ եսանպատակ կեցուածքը եւ յոյսի բացակայութիւնը։ Իսկ աղօթքը կենդրոնական դեր կը խաղայ, իբր ճանապարհ եւ իրականութիւն անցեալի եւ ներկայի միջեւ, ներկայի եւ ապագայի միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդլայնելով այս գաղափարները, մանրամասնեց զանոնք՝ շեշտելով թէ աւանդութեան հաւատարիմ մնալ հարկաւոր է, սակայն միշտ նորոգուելով եւ համապատասխանելով նոր ժամանակներու, զանազան մշակոյթներու եւ նոր մարտահրաւէրներու։ Ան շեշտեց, թէ Սուրբ Աւետարանը միշտ կը շարունակէ յագեցնել ժողովուրդին ծարաւը եւ հեռու կը պահէ երկու մեծ փորձութիւններէ. առաջին՝ այն կեցուածքը, որ կը դատապարտէ ամէն ինչ՝ ապաստանելով պահպանողականութեան եւ զայրայեղականութեան մէջ եւ երկրորդ՝ միտումը՝ նուիրագործելու ամէն նորութիւն, ամէն ինչ որ նոր համ մը ունի, յարաբերականացնելով իմաստութիւնը։

Սրբազան Պապը յիշեց Եկեղեցւոյ մեծ Հայրերու եւ Հայրապետներու օրինակը, որոնք մեծ աստուածաբաններ էին, որովհետեւ աստուածաբնութիւնը հովուական գործունէութենէն չէին բաժնած։ Անոնք մեծ հովիւներ էին։ Ասոր համար, շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ, հարկաւոր է երթալ ընտանիքներուն, աղքատներուն, սգաւորներուն եւ ծայրամասերը գտնուողներուն՝ աւելի լաւ ըմբռնել կարենալու համար հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.