2015-09-02 14:35:00

Հռոմի մէջ կը գումարուի Կաթողիկէ Հայոց եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը


(Ռատիօ Վատիկան) Ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոսի, եւ մասնակցութեամբ Կաթողիկէ Հայոց 13 եպիսկոպոսներու՝ երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր, 2015-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանին մէջ սկիզբ առաւ Կաթողիկէ հայոց եպիսկոպոսներու սովորական սիւնհոդոսը, որ իր աւարտին պիտի հասնի 10 սեպտեմբեր 2015-ին։

Այս առընչութեամբ Վատիկանի Ռատիօ Կայանի Հայկական բաժինը հարցազրոյց կատարեց Ֆրանսայի Թեմի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Գերապայծառ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թեյրուզեանին հետ, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը յոյժ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի ընտրութեան առթիւ, յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին, Նորընտիր Պատրիարքն ու Սիւնհոդոսական հայրերը, Վատիկանի մէջ պիտի հանդիպին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ այս առթիւ համապատարագ պիտի մատուցանեն։

Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Հայրը տեղեկութիւններ տալով եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի մասին, յայտնեց, թէ ժողովի կը մասնակցին՝ աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած Կաթողիկէ 13 եպիկիոպոսներ։ Ժողովի ընթացքին պիտի կատարուին եպիսկոպոսական ընտրութիւններ, ինչպէս Լիբանանի մէջ նորընտիր Պատրիարքի տեղակալի եւ Պատրիարքութեան դիւանի պատասխանատուի։

Սիւնհոդոսական հայրերու ժողովին կարեւոր նիւթերէն  է Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի քրիստոնեաները յուզող հարցերը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.