2015-09-01 12:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ՝՝Քրիստոնեայի սփոփանքը կը կայանայ Յիսուսի մէջ եւ ոչ թէ շատախօսութեան՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոսի հետ վերջնական հանդիպումի յոյսը կը զօրեղանայ քրիստոնեաներու միջեւ կատարուած փոխադարձ մխիթարանքով եւ ոչ թէ աւելորդ շատախօսութեամբ։

Այսպէս հաստատեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերին,Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային՝ Պօղոս Առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներու ուղղուած թուղթէն հատուած մը, ուր կը խօսուի քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան, Սուրբ Պօղոսի ուղղած հարցումի մը մասին՝ թէ Քրիսոտոս ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայ եւ ի՞նչպէս պիտի դատէ մեռեալները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով Սուրբ Պօղոսի խօսքը, յարեց թէ Տիրոջ օրը յանկարծակի պիտի գայ ինչպէս գող մը, աւեցնելով, թէ Յիսուս պիտի գայ փրկելու համար անոնք որոնք հաւատացին Իրեն։ Ուստի՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը, զիրար մխիթարեցէք եւ օգնեցէք իրարու. ասիկա է ճշմարիտ, յոյս ներշնչող մխիթարանքը։ Ան ազդարարեց  խուսափիլ շատախօսութենէ եւ բամբասանքներէ ։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա խօսելով վերջին դատաստանի մասին հաստատեց՝՝ այո, ճշմարիտ է թէ Յիսուս պիտի գայ եւ դատաստան պիտի կատարէ, բայց, աւեցնելով Սրբազան հայրը ըսաւ, ՝՝խորհինք նաեւ, թէ Ան պիտի գայ զիս գտնելու, որպէսզի ես կարենամ զինքը տեսնել՝ իմ աչքերովս, եւ ողջագուրեմ զինք յաւիտեան”։

 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց յորդորելով՝ “Մխիթարեցէք զիրար, օժանդակեցէք իրարու՝ բարի գործեր կատարելով, եւ այսպէս յառաջ ընթանանք։

Խնդրենք Տիրոջմէ յոյսի սերմի շնորհքը, որ Ան զետեղեց մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի զարգանայ, աճի եւ հասնի՝ մինչեւ Իրեն հետ վերջնական հանդիպումին։

Ես վստահ եմ որ Տէրը կ՝ապրի, վստահ եմ որ Տէրը զիս պիտի գտնէ, ­ վստահ եմ որ Տէրը պիտի տեսնեմ, ասիկա է մեր կեանքին հորիզոնը”։ Այս խօսքերով,  ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց 1 սեպտեմբերին արտասանած քարոզը








All the contents on this site are copyrighted ©.