2015-09-01 09:53:00

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու վեհաժողով Պքերքէի մէջ


Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց շարքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքութիւն, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետեր, երկուշաբթի, 31 օգսոտոսին, առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեցին վեհաժողով մը, որուն ընթացքին անոնք որդեգրեցին ճամբու քարտէս մը:

Ըստ ճամբու քարտէսին, Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ նախագահական ընտրութեան եւ ապա կառավարութեան կազմութեան:

Վեհաժողովը կոչ ուղղեց խորհրդարանին ստանձնելու իր սահմանադրական եւ պատմական պատասխանատուութիւնը եւ ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը:

Վեհաժողովը յարմար նկատեց, որ նոր կառավարութիւնը կազմուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք եւ ստանձնէ երկրին հարցերուն լուծումը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումով:

Վեհաժողովը անհրաժեշտ նկատեց, որ ներկայ կառավարութիւնը շարունակէ իր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ողջունեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերը, որոնց պէտք է ընդառաջել:

Վեհաժողովին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ երկրին տնտեսական տագնապը եւս հետեւանք է նախագահական թափուր աթոռին եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ տիրող սառած իրավիճակին:

Վեհաժողովը զգուշացուց նաեւ փողոց իջնելու վտանգներէն` նկատի ունենալով տիրող լարուածութիւնն ու երկրին դէմ սպառնալիքները եւ ապահովական մարտահրաւէրները:

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը անհրաժեշտ նկատեցին, որ խաղաղ ցոյցերը պաշտպանուին սադրիչներէ, որոնք կը քարկոծեն եւ պայթուցիկներ կը նետեն ապահովութեան ուժերուն վրայ: Անոնք խստիւ դատապարտեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող վաճառատուներուն դէմ գործուած բռնարարքներն ու քանդումները եւ կոչ ուղղեցին երկխօսութեամբ լուծելու երկրին հարցերը:

Հոգեւոր վեհաժողովը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց լուրջ աշխատանք տանելու` ապահովելու համար Լիբանան հասած բոլոր գաղթականներուն տունդարձը:








All the contents on this site are copyrighted ©.