2015-09-01 11:04:00

Վաստակաւոր Բենեդիկտոս ԺԶ Պապ “Սրտի հիւանդութիւնը կը յառաջացնէ ապականութիւն”


(Ռատիօ Վատիկան) “Ճշմարտութիւնը, սէրն ու բարութիւնը’’, որոնք Աստուծմէ կու գան, մարդը կը դարձնեն մաքուր եւ անբասիր, ըսաւ Բենեդիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը, Վատիկանի գերմանական դպրեվանքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Վաստակաւոր Քահանայապետին նախկին սաները, որոնց շարքին` Զմմառեան ուխտէն՝ հայր Անտոն Սարոյեան։ Բենեդիկտոս Պապի կատարած խորհրդածութեան առանցքը եղաւ “Լոկ Աստուծոյ խօսքով է, որ մարդը կը կարողանայ իր սիրտը մաքուր պահել եւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը, իսկ սրտի հիւանդութիւնը  կ՝առաջնորդէ դէպի ապականութիւն եւ անձնասիրութիւն”։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, յատուկէն աղօթք կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի դիտաւորութեան, որպէսզի Տէրը օգնէ անոր՝ իր առաքելութեան մէջ, յատկապէս Ողորմութեան Սուրբ տարուան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.