2015-08-31 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ցաւակցութեան հեռագիրը “Էրիքա” մրրիկի զոհերուն համար


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով հեռագիր մը յղած է Ռօզոյի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Կապրիել Մալզէրի, ցաւակցութիւն յայտնելով “Էրիքա” մրրիկի պատճառած զոհերուն համար։

Կարդինալը կը գրէ՝ “Նորին Սրբութիւն, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, խորապէս յուզուած է լսելով Էրիքա մրրիկի պատճառով կատարուած կեանքերու կորուստի եւ կործանումի մասին։ Նորին Սրբութիւնը կ’ուղարկէ իր սրտաբուխ ցաւակցութիւնները մահացեալներու պարագաներուն եւ կ’աղօթէ բոլոր անոնց համար, որոնք փրկութեան եւ օգնութեան ծառայութիւն կը մատուցանեն։ Սրբազան Պապը, յանձնելով հանգուցեալները Աստուծոյ սիրալիր ողորմութեան՝ սգաւոր ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնք այս աղէտէն վնասուած են, կը հայցէ յարատեւելու օրհնութիւն, յոյս եւ խաղաղութիւն”։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.