2015-08-31 12:28:00

Ոչ եւս է 88 ամեայ գերապայծառ Փիերֆրանքօ Փասթորէ։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Ոչ եւս է Վատիկանի Քահանայապետական ըներային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի երբեմնի քարտուղար, 88-ամեայ գերապայծառ Փիերֆրանքօ Փասթորէ։ Գերապայծառ Փասթորէ մահացած է Հռոմի մէջ, կիրակի, 30 օգոստոսին։ Ան ծնած էր Իտալիոյ Նովարա քաղաքին մէջ, 21 ապրիլ 1927ին։ 1950-ին ձեռնադրուած է քահանայ եւ անմիջապէս սկսած է աշխատիլ Վատիկանի Ռատիօ Կայանին մէջ։

Հայր Փասթորէ եղած է հեղինակը 1975ին՝ Սուրբ Տարուայ առթիւ ուխաւորներու համար կազմակերպուած ՝՝չորս ձայն՝՝ խորագրով յատուկ յայտագրի մը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Տնօրինութեամբ հանգուցեալ կղերականին՝ վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը հանդիսացած է ներշնչման աղբիւր այլ նմանօրինակ յայտագրերու ։

2003-ին, հանգստեան կանչուելէ ետք, Հայր Փասթորէ շարունակած է համագործակցիլ եւ մօտիկ մնալ լրագրողներուն եւ հաղորդամիջոցներու գործակալներուն հետ։

Հանգուցեալ կղերականին յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կը կատարուի Հռոմի Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի պատկան ծերանոցի եկեղեցւոյ մէջ, երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.