2015-08-29 14:05:00

Կարդինալ Թուրքսոնի այցելութիւնը Պրազիլ։


(Ռատիօ Վատիկան) 31 օգոստոսէն մինչեւ 2 սեպտեմբեր 2015, Կարդինալ Փիթեր Ափփիա Թուրքսոն այցելութիւն պիտի կատարէ Պրազիլի Rio de Janeiro, ուր նախատեսուած են հանդիպումներ ու դասախօսութիւններ նուիրուած ''մեծ քաղաքներու խաղաղութեան մարտահրաւէրը'' նիւթին։

Ծիրանաւորը իր առաջին հանդիպումը պիտի ունենայ քաղաքի աշխարհականներու, նուիրեալ անձերու ու մնայուն սարկաւագներու հետ ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նուիրուած պալատին մէջ։ Մէկ Սեպտեմբերին պիտի մասնակցի Քաղաքի կաթողիկէ համալսարանի գիտաժողովին` որուն բանաբանն է ''խաղաղութեան մշակոյթի յառաջացումը ընդհարումի աշխարհի մը մէջ'' եւ այս առթիւ ունեցած միջամտութեան ընթացքին Ան պիտի խօսի ''բնապահպանութեան դերը խաղաղութեան մշակոյթի կերտումին'' նիւթին մասին։ Մինչ 2 Սեպտեմբերին կարտինալ Թուրքսոն հանդիպում պիտի ունենայ թեմի կղերին ու կրօնաւորներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.