2015-08-28 08:47:00

Քրիստոնէական երկրորդ բնատնտեսութեան Համագումարը Սանթ-Էթիէնի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանսա։ 28-30 օգոստոս Ֆրանսայի Սէնթ-Էթիէն քաղաքին մէջ, կը գումարուի կլիմայական փոփոխութիւնները քննարկող քրիստոնէական երկրորդ բնատնտեսութեան Համագումարը։

Նախաձեռնութիւնը կու գայ ինքնին թեմի կողմէ, համագործակցութեամբ “Երկրի համար Միացեալ Քրիստոնեաներ” համաժողովին եւ հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։

Բազմաթիւ բանախօսներու կարգին, իր բաժինը պիտի բերէ նաեւ Կարդինալ Ֆիլիփ Պարպարէն, եպիսկոպոս Լիոնի, որ շաբաթ, 28 օգոստոսին պիտի ներկայացնէ “Ի՞նչ բանի մէջ է, որ տագնապը մեզ կը հարցապնդէ բարոյական եւ հոգեւոր մակարդակի վրայ”։ Իսկ օգոստոս 30ի նիստը ունի միջկրօնական բնոյթ։ Այնտեղ պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս կարելի է կրօնքները զօրաշարժի ենթարկել ի տես բնատնտեսութեան տագնապին։ Հոն իր ելոյթը պիտի ունենայ Գերապայծառ Պրունօ Ֆէյյէ, օգնական եպիսկոպոս Ռէնս քաղաքի, եւ պատասխանատու կենսոլորտային եւ կլիմայական հարցերու՝ Ընտանիքի եւ Ընկերութեան Եպիսկոպոսական Խորհուրդի ծիրէն ներս։ Վերոյիշեալ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Ամուար Քպիպէշ՝ նախագահ իսլամական պաշտամունքի ֆրանսական Խորհուրդին, Եշայա Տալզաս րաբբին՝ Փարիզէն, եւ Քրիսթիան Քրիկեր՝ փոխ նախագահ Ֆրանսայի Բողոքական Դաշնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.