2015-08-28 09:04:00

Քուպայի եկեղեցին աղօթքով կը պատրաստուի ընդունիլ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Յառաջիկայ Սեպտեմբեր 19-22, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Քուպայի։ Առաքելական Ճամբորդութեան բնաբանն է. ''Ողորմութեան առաքեալը''։

Այս առթիւ Քուպայի եկեղեցին աղօթքով ու եղբայրաօգնութեամբ կը պատրաստուի ընդունիլ Սրբազան Հայրը։ Կիրակի 30 Օգոստոսին, սկիզբ կ՛առնէ աղօթքի ու դրամահաւքի իննօրեայ ի պատրաստութիւն նաեւ Կղզիի պաշտպան Սուրբուհի` Քոպրայի Տիրամօր տօնին ։

Մինչ դրամահաւաքը նախատեսուած է երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ եւ հաւատացեալները կանչուած են իրենց սատարը ու զօրակցութիւնը բերելու իրենց ընչազուրկ եղբայրներուն։

Հաւատացեալներուն ուղղած պատգամին մէջ եպիսկոպոսները կը գրեն. ''Ո՜րքան ուրախալի է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութեան առթիւ Տիրոջմէն հայցել ողորմութեան ու կարեկցութեան զգացումներ ինչպէս. Հիւանդները այցելել, ներողութիւնն խնդրել,  թշնամիները ներել, ցաւագարները մխիթարել, մերձաւորը սիրել։ Այսպէսով Քահանայապետին հետ հանդիպումը պիտի դառնայ ''փրկարար դէպք մը''։

Քոպրայի եղբայրօգնութեան Տիրամօր իննօրեային առթիւ եպիսկոպոսները ապա պատրաստած են հետեւեալ  աղօթքը. ‘’Ով Տէր, բարի Հայր բարի ու ողորմութեամբ լի, եղբայրօգնութեան Տիրամօր բարեխօսութեամբ, Մայրը քու Միածին Որդիիդ ու մեր Մայրը, ուղղէ սիրալիր հայեացքդ, եւ շնորհէ քու ծառայիդ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին քու շնորհքդ, դուն որ ընտրեցիր զինք հովիւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ։ Ըրէ որ Անոր խօսքն ու սիրոյ վկայութիւնը, յուզեն Քուպայի ժողովուրդին սիրտը, ան կու գայ մեզի որպէս ''ողորմութեան առաքեալ’’։

Նշենք թէ www.iglesiacubana.net կայքէջիս միջոցաւ կարելի է հետեւիլ  ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քուպա այցելութեան ու նշենք թէ Քուպայի եպիսկոպոսական դասը իր գոհունակութիւնը յայտնած է ու ընդգծած` որ Սրբազան Հօր այցելութեան լուրը անհաւատալի ուրախութիւն յարուցած է Կղզիի բնակչութեան մօտ ամրապնդելով յոյսն ու յանձնառումը կազմելու եղբայրներու ժողովուրդ մը։

Աղբիւր. http://armenianchurchco.com/  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.