2015-08-28 08:43:00

ԱՄՆ - 15 օգոստոսէն 7 հոկտեմբեր աղօթք ամուսնութեան ու ընտանիքի դիտաւորութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի աւետարանութեան Ս. Վարդարանի առաքելութեան նախաձեռնութեամբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնէն մինչեւ Վարդարանի ս. Կոյս Մարիամին տօնին օրը (7 Հոկտեմբեր) աղօթք կը կատարուի ամուսնութեան ու ընտանիքին համար։ ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ի պատրաստութիւն ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ (22-27 Սեպտեմբեր) Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ­, եւ ի տես` 4-25 Հոկտեմբեր Վատիկանի մէջ կայանալիք  ''ընտանիքի'' նիւթին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին,  հրաւիրուած է հաւատացեալները  ս. Վարդարանի ջերմեռանդութական  աղօթքի միջոցաւ աղօթել  ամուսնութեան ու ընտանիքի համար, ինչպէս նաեւ աշխարհի խաղաղութեան ու կրօնական ազատութեան համար։

Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցելով ԱՄՆի եպիսկոպոսները կը յուսան Մարեմեան առօրեայ աղօթքը սատարէ երկրին հոգեւոր բարենորոգումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.