2015-08-27 09:24:00

''Սուրիոյ քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը վերջ չունի'' կ՛ըսէ գերապայծառ Նասսար։


(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի մարոնիներու առաջնորդ Սամիր Նասար յայտարարած է թէ` ''Սուրիոյ քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը վերջ չունի, եկեղեցիները թիրախ են հակա-Ասատի ընդդիմութեան, որոնք ռմբակոծած են Դամասկոսի մարոնի եկեղեցին''։

Գերապայծառ Սամիր Նասար`  Դամասկոսի մարոնի թեմին առաջնորդը, մատնանշած է ապա թէ տեղատարափ ռմբակոծումը պատճառած է ինը անմեղներու մահը ու վիրաւորած աւելի քան 50 քաղաքացիներ։ Վնասուած է իր եկեղեցին ու անոր մօտակայ լատինաց ժողովրդապետութիւնը։ Այս ցաւալի եղելութիւնը անբաժան մէկ մասն է Սուրիոյ պատերազմին։ Ռմբակոծումները աննախատեսելի են ու անխտրաբար կը հարուածեն բոլոր քաղաքացիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.