2015-08-27 09:42:00

Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետի շուքին տակ երիտասարդներու հոգեւոր կրթութիւն։


Հռոմի Սուրբ Յովսէփ անուան ժողովրդապետութեան  կազմակերպութեամբ, 28 օգոստոսին սկիզբ կ՛առնէ երիտասարդներուն վերապահուած հոգեւոր կրթութիւն,  որ պիտի աւարտի Քրաքովիայի մէջ յառաջիկայ 5 սեպտեմբեր 2015-ին,՝անցնելով Աուշվից, եւ Պիրքէնօ Քաղաքներէն։

Մասնակիցներու համախմբումը նախատեսուած է 28 օգոստոսի երեկոյեան մինչ 29 օգոստոսը յատկացուած իրարու ծանօթանալու եւ միասնաբար խորհրդածելու երկրորդ համաշխարհային Բ պատերազմի մասին ու Եւրոպայի վրայ ունեցած հետեւանքներուն մասին։

30 օգոստոսին երիտասարդները կը մեկնին Քրաքովիա ապա 31 օգոստոսին կը փոխադրուին Աուսվից ուր տեղի կ՛ունենայ  ''Նահատակութիւն եւ Սրբութիւն'' խորագիրով խորհրդածութիւն կեդրոնացած Սուրբ Մասսիմիլանօ Քոլպէի անձնաւորութեան վրայ։ Մէկ սեպտեմբերին Պիրքէնօ քաղաքին մէջ նախատեսուած մտածականի նիւթը պիտի հանդիսանայ ''Ինչո՞ւ չարը'' իսկ 2,3 եւ 4 սեպտեմբերին, երիտասարդները շրջապտոյտ կը կատարեն այցելելով  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի հետքերուն վրայ հանգրուան կատարելով Վոտովիչ եւ  Չէստոքովա յի սրբավայրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.