2015-08-27 09:16:00

Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ժամանց Հռոմ։


(Ռատիօ Վատիկան) Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը 26 օգոստոս 2015-ին ժամանեց Հռոմ, ուր մէկ սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի նախագահէ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսական ժողովին որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայ կաթողիկէ եկեղեցին յուզող հրատապ հարցեր։ Սիւնհոդոսական հայրերը, այս առթիւ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ, պիտի ընդունուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հաւանաբար երկուշաբթի` 7 սեպտեմբերին:

Սիւնհոդոսի նիստերու աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը,  23 սեպտեմբեր 2015-ին, Հռոմէն կը մեկնի Երեւան՝ գլխաւորելու համար Կիւմրիի «Սրբոց Նահատակաց» կաթողիկէ առաջնորդանիստ նորակառոյց Եկեղեցւոյ օծումի արարողութիւնը որ նախատեսուած է սեպտեմբեր 24-ին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վատիկանէն ու այլ քոյր եկեղեցիներէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ ։

Երեւան կեցութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայ պիտի գտնուի Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի սրբազան արարողութեան ինչպէս նաեւ,  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի ժողովին:

Հոկտեմբեր ամսուայ սկզբին Գրիգոր Պետրոս Ի. Երևանէն կը վերադառնայ Հռոմ՝ մասնակցելու ընտանիքին նուիրուած  եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին աշխատանքներուն որոնք տեղի կ՛ունենան Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ, 4 - 25 հոկտեմբեր 2015, որպէս նիւթ ունենալով ''ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհի մէջ''։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր  Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Լիբանան կը վերադառնայ 31 հոկտեմբեր 2015-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.