2015-08-26 11:13:00

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէն օր մեղք կը շնչենք…

 

Եկեղեցւոյ հայրերը, քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ անխուսափելի գտած են վերջնականապէս մեղքէն հեռացումը։

Հայ եկեղեցւոյ հայրերը եւս, յատկապէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին, «Մատեան ողբերգութեան» իր անզուգական աղօթագիրքով, կ’անդրադառնայ իր մեղաւոր բնութեան: Իր անձին ընդմէջէն աշխարհի բոլոր մարդիկը կը պատկերանան մեր աչքին, իբրեւ մեղաւոր բնութեամբ ստեղծուած գոյութիւններ: Վստահաբար մեր մէջ գտնուող բանականութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ այն գիտակից սխալներուն, որոնք այլապէս պիտի չկատարէինք, եթէ անասուններուն նման որպէս բնազդաբար գործող էակներ  ստեղծուած ըլլայինք: Սա թերութիւն մը, կամ «նուազ» մը չէ՛ մարդուն համար, այլ՝ ընդհակառակը առաւելութիւն մը, որ մարդը կը դնէ այնպիսի բարձունքի վրայ, ուրկէ ո՛չ միայն կրնայ տեսնել զԱստուած, այլ նաեւ գործակցի՛լ Անոր հետ, կատարելով Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները:

Ըսուած է, թէ մեղքը մեր շնչած մթնոլորտին մէջ իսկ է:

Ամէն վայրկեան գաղթակղութիւններով շրջապատուած է մարդը, ինչքան ալ ողջախոհութեամբ պարուրուած ըլլայ անոր միտքը:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ հաստատուած ճշմարտութիւն մը կայ այս մասին, ուր կ’ըսուի, թէ գայթակղութիւնները անպայման պիտի ըլլան, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով պիտի գան այդ գայթակղութիւնները: Ուրիշ խօսքով գայթակղողին յանցանքը աւելի կը մեղմացուի Յիսուսի կողմէ, քան անոր որ դիտումնաւոր կերպով կը գայթակղեցնէ ուրիշը (հմմտ. Ղկ 17.1-2):

Քրիստոնեայ հեղինակներէն մէկը նոյնիսկ փոշիի կը նմանցէ մեղքը: Այս նմանութիւնը երեք պատճառներ կրնայ ունենալ, նկատի ունենալով՝

Ա.- Փոշիին աղտ ու զզուելի ըլլալը,

Բ.- Անոր ամէն տեղ գտնուիլը, եւ

Գ.- Հետզհետէ հաւաքուելով դիզուիլը ու բազմանալը:

1.- Ամէն մարդ կը դժգոհի փոշիէն: Դաստիարակ ուսուցիչներ նաեւ տուներու մէջ տանտիկիններ...: Սակայն երբ ըսուի անոնց, թէ ամէն կողմ մաքուր է արդէն եւ կոկիկ, անոնք կ’առարկեն ցոյց տալով փոշին, որ շուտով բազմած կ’ըլլայ անոնց նոր սրբած սեղաններու ապակիներուն վրայ:

2.- Նաեւ, փոշին ամէն տեղ է: Թագաւորներու ապարանքները կը մտնէ ան, առանց ապահովական սպասարկութենէն անցնելու: Օդակայաններու ամէնէն խիստ անցքերէն ներս կը թափանցէ ան, առանց յայտնուելու կամ անցագիր ցոյց տալու: Ի վերջոյ, տանդ ամէնէն անձնական անկիւնները կը հասնի, առանց քեզմէ արտօնութիւն խնդրելու:

3.- Փոշին աներեւոյթ ըլլալու չափ զգուշաւորութեամբ կը նստի քու մաքրած տեղերդ, ու հետեզհետէ շատնալով ինքզինք կը յայտնէ, զինք մաքրելու նոր պարտաւորութեան տակ դնելով քեզ:

Մեղքն ալ նոյն բնութիւնը ունի: Կեղտոտ, աներես եւ շուտով բազմացող: Ան ո՛չ մէկ արտօնութեան կարիք ունի քեզ գտնելու, եւ մէջդ տեղաւորուելու համար:

Իսկ մաքրութի՜ւնը… Մաքրութիւնը սկիզբ ունի, սակայն վախճան չունի: Մաքրութիւնը ապրելու կերպ մըն է եւ ոչ թէ սոսկ առօրեայ պարտաւորութիւն մը: Հին մշակոյթներու եւ կարգ մը հին կրօններու պարագային մարդկային մարմնին նկատմամբ անտարբերութիւնը, լոգանքի դէմ դրուած արգելքը եւ այլ կարգ մը արգելքներ, անարգանք են աստուածապարգեւ մարմնին, որ տաճարն է Սուրբ Հոգիին (Ա. Կորն. 3.16): Տան եւ մեր ապրած միջավայրին մէջ դարձեալ, մաքրութիւնը մէկ անգամուան համար ըլլալիք, կամ միանգամընդմիշտ իրագործելի ծրագիր մը չէ: Մաքրութիւնը մեր ծնած վայրկեանէն սկսեալ մեզի պէտք է ընկերանայ, մինչեւ մեր այս աշխարհէն հրաժեշտի վերջին օրը:

Մեղքը, փոշիին ու աղտին նման կարիք ունի մաքրութեան: Անիկա ամէն վայրկեան կրնայ մեզ գտնել, ուր որ ալ ըլլանք: Երբեմն այնքան դիւրա՜ւ կը մտնէ նոյնիսկ մեր մտքին մէջ, ուրկէ կը թափանցէ մեր սովորութիւններու պարկին, ու մենք զայն մեր շալակը առած կը տանինք ուր որ երթանք: Ծանօթ է, որ մենք իբրեւ մարդիկ, սովորութեանց ծրարներ ենք: Վատ սովորութիւնները, որոնք շուտով մեղքի կը փոխակերպուին, շատ յաճախ այնքան «աժա՜ն» գիներով կը գնենք, եւ չե՛նք ալ ուզեր ծախել զանոնք, ինչքա՛ն ալ բարձր գին տան անոնց համար:

Մեղքը փոշիի նման օդին մէջ է: Մենք կը շնչենք զայն ամէն վայրկեան: Պէտք ունինք հականեխումի դիմակներու, իսկ մեղքի պարագային՝  խոր զղջումի, ու խոստովանանքի։

Սրբէ՛ մեղքերդ, սակայն անոնք դարձեալ ու դարձեալ պիտի աւելնան, ապակիին վրայ նստող փոշիին նման, սակայն մի՛ մոռնար որ կայ զանոնք սրբող ամէնէն զօրաւոր ձեռքը, Փրկիչդ, որ իր արեան գնով որոշած է սրբել մեղքերդ ու մաքրել ծնունդէդ մինչեւ գերեզման գործած բոլոր յանցանքներդ…: Կը հաւատա՞ս երկնային այս ճշմարտութեան, ու քու մասին առնուած այս որոշումին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.