2015-08-26 09:21:00

Զմմառու վանքին մէջ Քահանայական հանդիպում նոր Պատրիարքի գլխաւորութեամբ։


Երկուշաբթի 24 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման 9-րդ օրը, Զմմառու վանքի «Արծիւեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայից ժողով, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, մասնակցութեամբ 22 հոգի հաշուող եպիսկոպոսներու, Զմմառու վանքի Վարչական Հայրերու, վարդապետներու և թեմական քահանաներու: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի և Հասաքէի թեմերէն վարդապետներ: Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան կարդաց Ս. Պօղոս Առաքեալի նամակէն հատուած մը: Ապա Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը ուղղելով ժողովական Հայրերուն ըսաւ. «իմ նշանաբանը սէրն է և կ'ուզեմ այսպէս շարունակել ապրիլ և գործել իբրեւ Պատրիարք, գլուխ և մեծ եղբայր, որովհետեւ իմ նկարագրիս մէջ հայրութիւն չկայ այլ եղբայրութիւն: Եղբայրակից եմ ձեզի, հարկ է որ իրար ճանչնանք և զիրար սիրենք: Չենք կրնար սիրել անձ մը եթէ լաւ չճանչնանք զինք: 68 տարի առաջ նորընծայարան մտած եմ, ձեզի պէս դժուարութիւններ և զանազան փորձութիւններ ունեցած եմ, սակայն Աստուծոյ շնորհքով կրցայ յաղթահարել ամէն բանի»: Այս առթիւ՝ Հոգեւոր Տէրը համառօտ կերպով ներկայացուց իր քահանայական կեանքի կենսագրականը, ըսելով թէ ուսանողութեան շրջանին երկու տարի Զմմառու վանք անցուցած է, չորս տարի Ժունիի նորընծայարան ապա Հռոմի Լեւոնեան վարժարան: Իբրեւ քահանայ ան պաշտօնավարած է 9 տարի Մեսրոպեան վարժարան, 7 տարի որպէս Զմմառու վանքի վարչական, երեք ամիս որպէս ընդհանուր մատակարար: Ապա 36 տարի Առաջնորդ եղած է Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ համայնքին: երկու տարիէ ի վեր հանգստեան կանչուած էր և հիմա Պատրիարք ընտրուած Աստուծոյ կամօք: 
Հոգեւոր Տէրը խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Աստուծոյ ողորմութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք ընտրուեցայ ծառայելու Աստուծոյ Եկեղեցւոյ և Հայ ժողովուրդին, կը գիտակցիմ թէ ինչպիսի պարտականութիւն կը կրեմ իմ ուսերուն վրայ այս դժուարին օրերուն: Հետեւաբար կը խնդրեմ ձեր օժանդակութիւնը և աջակցութիւնը: Մենք պէտք ունինք հոգեւոր վերանորոգումի, Ս. Հոգիին լոյսերուն դիմելով, որովհետեւ առանց Քրիստոսի և Ս. Հոգիին չենք կրնար յառաջ երթալ: Վերջին Սիւնհոդոսին որոշեցինք որ երկու շաբաթ հոգեւոր ամփոփում կատարենք Սիւնհոդոսի ընթացքին, հոգեւոր վերանորոգումի ի խնդիր: Այսպիսով մենք կը համապատասխանենք մեր հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն: Գալով մեր Հայրենիքին, 70 տարի անաստուածութեան մէջ ապրած ժողովուրդը հոգեւոր սնունդի կարիքը ունի: Հայաստան իմ այցելութեան ընթացքին հաւատացեալ մը օր մը մօտեցաւ և ըսաւ ինծի. «Դուք իրաւունք չունիք լքելու ձեր ժողովուրդը, որոնք նոյնիսկ վարդարան գիտեն աղօթել: Ժողովուրդը ձեզ կը սպասէ Հայաստանի կաթողիկէ շրջաններուն մէջ»: Այսօր դժբախտաբար Եւրոպայի մէջ աւելի անհաւատութիւն կայ քան թէ նախկին Խորհրդային երկիրներուն մէջ, ուր հաւատքը աւելի զգացական դարձած է: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը փակեց յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը քահանային մասին, թէ քահանան մասնագէտ պէտք է ըլլայ աղօթքի և Աստուծոյ Խօսքին քարոզութեան: Հոգեւոր Տիրոջ խօսքէն ետք ժողովական Հայրերը քննարկեցին զանազան հարցեր, որոնք կը յուզեն Հայ Կաթողիկէ ժողովուրդն ու Եկեղեցին: Այնուհետեւ Զմմառու Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ճաշու Ժամերգութիւն: Օրուան հանդիպումը փակուեցաւ ագապով դպրեվանքի սեղանատան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.