2015-08-25 09:19:00

Վատիկանեան դրոշմաթուղթ Երանելի Մալոյեանի նահատակութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ:


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի թղթատարական վարչութիւնը այս տարի կը մեծարէ հայ ազգի երկու անձնաւորութիւններ  Մարտինի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Երանելի ու նահատակ Ինքնատիոս Մալոյեանը որուն կ՛ոգեկոչուի նահատակութեան հարիւրամեակը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին որ անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ կայացած հայոց նահատակներու նուիրուած հանդիսաւոր ու պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին­ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուեցաւ
Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը եղած է Թուրքիոյ Մարտին թեմին Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս։ Ան որպէս քաջ հովիւ եղած է միշտ մօտիկ իր հաւատացեալներուն` նիւթական, ընկերային ու հոգեւոր գետնի վրայ։ Ան յատուկէն տարածեց Յիսուսի Սուրբ Սրտի ու Աստուածամօր հանդէպ բարեպաշտութիւնը։ Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ահռելի հալածանքներու եւ ջարդի օրերուն (1915) Ան քաջալերեց հաւատացեալները աղօթելու եւ ամուր կառչելու իրենց քրիստոնէական հաւատքին։ Պատասխանելով դահիճին որ կը մղէր զինք հաւատքը ուրանալու իր կեանքը փրկելու համար, ըսաւ. ‘’Ես կ’ ապրիմ ու կը  մեռնիմ ճշմարիտ հաւատքիս համար։ Կը փառաւորեմ իմ Տիրոջ ու Աստուծոյ խաչը’’։

Մինչ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին  իր անմահ «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութեամբ,, որ ինչպէս նշեցինք անցեալ 12 Ապրիլ 2015-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն հռչակուեցաւ Եկեղեցւոյ 36-րդ Վարդապետ­, իր կեանքին մեծ մասը ապրեցաւ Նարեկ վանքին մէջ, մեծ խոնարհութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ մշակելով գրականութիւնն ու աստուածաբանութիւնը։ Ան կը նկատուի հայ գրականութեան ամենամեծ բանաստեղծներէն մին։ Յետ մահու անոր գերեզմանը անմիջապէս դարձաւ ուխտավայր մը, ուր հաւատացեալները կը փութային հայցելու համար անոր բարեխօսութիւնը։

Ընդառաջելով երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի խնդրանքին, Վատիկանի թղթատարական վարչութիւնը սեպտեմբեր 2015-ին կը հրատարակէ երկու հայ սուրբերու նուիրուած դրոշմաթուղթերը` Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակման առթիւ (12 Ապրիլ 2015) եւ Երանելի ու հայ ազգի նահատակ Ինքնատիոս Մալոյեանի մահուան հարիւրամեակին առթիւ (1915-2015)։

Թղթադրոշմակը կը ներփակէ չորս դրոշմաթուղթեր առաւել հայկական Խաչքար մը, անոր արժէքը 4 Եւրօ է։

Կ’արժէ յիշել թէ Վատիկանը հայկական նիւթերով նամականիշեր թողարկած է. (1973) երեք արժէքներ` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան  800-ամեակին առթիւ, (2001)  Տրդատ Թագաւորի  եւ անոր ժողովուրդին մկրտութեան 1700-ամեակը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.