2015-08-25 09:46:00

Վանի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ պատարագը չեղեալ կը յայտարարուի։


Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք պատարագը չեղեալ յայտարարուած է: Այս մասին «Ermenihaber.am»-ը կը տեղեկանայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջէն: Պատրիարքարանի յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ Սեպտեմբեր 6-ին` Կիրակի օրը, կայանալիք ամենամեայ ուխտագնացութիւնը չեղեալ  յայտարարուած է:

«Հայոց պատրիարքութիւնը, հաշուի առնելով վերջին շրջանին կատարուող ահաբեկչական յարձակումները եւ զոհերու  մասին ստացուող լուրերը, ինչպէս նաեւ Վան քաղաքին եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ անվտանգութեան խնդիրներ չստեղծելու նպատակով, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուող ամենամեայ ուխտագնացութիւնը կը յետաձգէ»,- նշուած է գրառման մէջ:

Յիշեցնենք, որ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ վերականգնուելէ յետոյ 2010 թուականէն բացուած է թանգարանի կարգավիճակով:Այդ երկրի կառավարութիւնը տարին մէկ անգամ կը թոյլատրէ իրականացնել կրօնական արարողութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.