2015-08-24 09:32:00

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունեցաւ նորօծ կուսակրօն քահանայ մը։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին բարձր հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ տեղի ունեցաւ Խաչիկ սրկ. Գույումճեանի կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւնը` շաբաթ, 22 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Խաչիկ սրկ. Գույումճեանի ձեռնադրութեան կարգը  կատարուեցաւ յընթացս սուրբ պատարագին, որ  մատուցուեցաւ ձեռամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորական դասին:  Ներկայ էին նաեւ նորօծ վարդապետին հարազատները, հիւրեր եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջները աւետեցին սուրբ պատարագի սկիզբը, երբ դպիրները, հոգեւորական դասը եւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը հանդիսաւոր թափօրով` խաչվառով, քշշոցներով ու բուրվառով մտան եկեղեցի:

Պատարագի ընթացքին շարականներու հոգեպարար երգեցողութեամբ եւ խնկաբոյր աղօթքներով սկսաւ ձեռնադրութեան կարգը: Երկու քահանաներու ուղեկցութեամբ նուիրեալը մտաւ դաս եւ ծունկի եկաւ հոգեւոր տիրոջ առջեւ, որմէ ետք քահանաները իրենց ձեռքերը դրին նուիրեալի ուսին վրայ եւ աղօթեցին առ Աստուած, որ ան այս կոչումով արժանի ըլլայ այս ձեռնադրութեան զօրութեան շնորհներով: Աղօթքէն ետք նուիրեալին ուրարը ձախ կողմէն բերուեցաւ աջ:

Այս արարողութենէն ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը տուաւ իր պատգամը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ ըսաւ, թէ Աստուած ղրկեց այլ Քրիստոս մը` յանձին Խաչիկ վարդապետին, որ եկած է Յիսուսի անունով անոր առաքելութիւնը շարունակելու ժողովուրդին մէջ: Ապա աւելցուց, որ ան պիտի ընէ ինչ որ Յիսուս կատարեց` սորվեցուց, մխիթարեց , բուժեց, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն տուաւ հոգիներուն, յոյս ներշնչեց, բայց ամէնէն աւելին` յայտնեց մեզի իր Հայրը, որ սէր է:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր խօսքը ուղղեց ձեռնադրեալ կուսակրօն քահանային` ըսելով. Դո՛ւն այլեւս քեզի չես պատկանիր, այլ այն հոգիներուն, զորս Աստուած պիտի ղրկէ կեանքիդ ընթացքին: Գիշեր-ցերեկ պիտի մտածես իրենց հոգւոյն փրկութեան մասին, որոնես միջոցներ զիրենք դարձնելու առ Աստուած ու հասկցնելու, որ Աստուած օրհնութիւն է: Որքան ալ ցեխերուն մէջ նետուած ըլլան անոնք, կը մնան Աստուծոյ սիրելի որդիները, իսկ դուն` Խաչի՛կ, պիտի գիտնաս ադամանդները ցեխէն հանել, Աստուծոյ որդիներուն արժանապատուութիւնը դարձնել եւ յոյս տալ իրենց: Որքան ալ անհաւատարիմ ըլլան իրենք, Ան հաւատարիմ կը մնայ իրենց հետ դրուած ուխտին: Դուն հոգիներուն հացն ես, պայմանով որ համով ըլլայ հացը: Քեզ պիտի ուտեն մեծերն ու փոքրերը, հիւանդներն ու առողջները, երիտասարդները, տարեցները եւ բաժնուած զոյգերը` Յիսուսի շնորհիւ»:

Ապա հոգեւոր տէրը դիտել տալով, թէ ինչպէս Յիսուս ամբողջ օրը քալելէ, քարոզելէ, բուժելէ ետք գիշերը կ՛անցընէր աղօթքով, Հօրը հետ խօսելով մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, ըսաւ ձեռնադրեալին. «Անոր մէջ պիտի գտնես մխիթարութիւն եւ երջանկութիւն. քեզմով Աստուած հրաշք պիտի գործէ ու ամէն օր շնորհակալութիւն պիտի յայտնես, որ նման պաշտօնի քեզ կոչած է, առաքելութեանդ մէջ վստահէ՛ նաեւ հոգեւոր եղբայրներուդ»: Ապա խօսքը ուղղելով հոգեւորական դասին եւ ժողովուրդին եզրափակեց` իսկ դո՛ւք,  զօրավի՛գ եղէք իրեն ձեր աղօթքով, որ իր պաշտօնը կատարէ Աստուծոյ սրտին համաձայն»:

Հոգեւոր տիրոջ պատգամէն ետք խորհրդաւոր եւ յուզիչ արարողութեամբ  միւռոնը հանդիսաւոր թափօրով բերուեցաւ խորան, ապա` Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը քահանաներուն օգնութեամբ եւ յատուկ խօսքերով նուիրեալին հագցուց քահանայական հանդերձանքի մասերը` փիլոնը, ուրարը, գօտին, շուրջառը եւ սաղաւարտը: Ապա` սուրբ միւռոնով օծեց անոր ձեռքերն ու ճակատը: Այնուհետեւ հոգեւոր տիրոջ խնդրանքով նորօծ վարդապետը իր առաջին օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը տուաւ հաւատացեալներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ Սուրբ Հոգիի տուչութիւն. Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը փչեց նուիրեալի գլխուն` ըսելով Յիսուսի խօսքերը. «Ինչ որ կապէք երկրի վրայ` կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ եւ ինչ որ քակէք երկրի վրայ` քակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ»:

Պատարագի աւարտին հոգեւորականներու դասը, դպիրները, սպասաւորներն ու բոլոր ներկաները թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից ՀԿՄ-ի սրահ, ուր ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, նորօծ կուսակրօն քահանան եւ իր հարազատները ընդունեցին շնորհաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.