2015-08-22 10:23:00

Քահանայապետական յատուկ պատուիրակութեան անուանումներ


(Ռատիօ Վատիկան)Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ, 22 օգոստոս 2015ին,  անուանած է Կարդինալ Տանիէլ Ֆերնանտօ Սթուրլա Պերուհեթ, Արքեպիսկոպոս Մոնթեվիտէոյի (Ուրուկուայ) իբր Յատուկ Պատուիրակ՝ ներկայանալու Պոլիվիայի Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան Ե Համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ տարւոյս 16-20 սեպտեմբերին, Թարիխայի մէջ։

Սրբազան Պապը այլ անուանում մը կատարած է, յղելով Կարդինալ Փաուլ Եոզէֆ Քորտէս, հրաժարեալ Նախագահ “Cor Unum” Քահանայապետական Խորհուրդի, իբր Յատուկ Պատուիրակ՝ մասնակցելու Չեխիոյ Հանրապետութեան Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան Ա Ժողովի փակման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ տարւոյս 17 հոկտեմբերին, Պռնօ քաղաքին մէջ։

L’Osservatore Romano, 26 յուլիսին հրապարակած է Կարդինալ Անճելօ Սքոլայի, Միլանոյի Արքեպիսկոպոսի անուանումը, իբր Սրբազան Պապի Յատուկ Պատուիրակ, իր մասնակցութիւնը բերելու Քոլոմպանիան Հասարակութեան միջազգային ԺԸ հանդիպման հանդիսական Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Պոպպիոյի մէջ (Իտալիա), օգոստոս 30ին, Սուրբ Քոլոմպանի մահուան 14րդ դարադարձին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.