2015-08-22 09:26:00

Սուրիա. Հայր Եուսէֆ՝ “անոնք կը կործանեն վանքերն ու եղեցիները, բայց ոչ մեր հաւատքը”


(Ռատիօ Վատիկան)Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը օգոստոս 21ին հաղորդեց, թէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը հիմնայատակ կերպով քանդած է Հոմսի Քարիաթէյն գիւղին մէջ գտնուող պատմական Ս. Էլիան վանքը:

Զինեալները գիւղէն առեւանգած են նաեւ 230 հոգի, ներառեալ՝ քրիստոնեաներ:

Վանքը կառուցուած էր 432ին եւ վերջին անգամ վերանորոգուած՝ 1970ին:

Այս մասին, վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Մար Մուսա վանքէն հայր Եուսէֆ Ժիհատ վկայութիւններ տուած է։

Հայր Եուսէֆ կը յայտնէ՝ թէ օգոստոս ամսոյն 4ին, մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումները՝ երբ իրենց հակակշռին տակ առած են Քարիաթէյն գիւղը, մէկ ժամ պայմանժամ տուած են քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն՝ գիղէն դուրս փախչելու, ապա թէ ոչ մահուան պիտի ենթարկուէին։

Պատկերահանուած նկարներէն կ’իմանանք որ ծայրայեղականները քանդած են եկեղեցին եւ պատմական վայրերը։

Հայր Եուսէֆ անդրադառնալով իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներու վայրագութեան, կը հաստատէ՝ թէ անոնք ոչ մէկ բան գիտեն մահմետական կրօնի մասին, անոնց միակ նպատակն է կործանել  երկրի պատմութիւնը, այն ինչ որ գեղեցիկ եւ է իմաստնալից։

Արդարեւ՝ հայր Եուսէֆ, խստիւ դատապարելով ահաբեկիչներու արարքները կը յարէ՝ թէ ծայրայեղական խմբաւորումները չեն կրնար մեզմէ խլել հաւատքն ու յոյսը։ Անոնք կարող են քնադել վանքերն ու խաչերը, սակայն առաջին կարգին անոնք կը կործանեն եւ կը կերպարանափոխեն իսլամական կրօնի դիմագիծը, որ մենք կը յարգենք եւ որուն կ՝աջակցինք, եւ կը ջանանք անոնց հետ միասին խաղաղութեան մէջ ապրիլ, նոյնիսկ եթէ այս մէկը վերջին օրերուն անհնարաւոր կը թուի։

Մար Էլիան Վանքի կործանումնին անդրադառնալով՝ հայր Եուսէֆ կը յայտնէ՝ թէ հոն ապաստանած էին 48 քրիստոնեայ ընտանիքներ, նեռարեալ 100 մանուկներ։

Վանքը՝ սիրոյ եւ եղբայրասիրութեան փոքրիկ ովասիս մըն էր բոլորին եւ յատկապէս մահմետականներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.