2015-08-22 09:39:00

Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ Հայկական եկեղեցի բացուած է


Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի  բացուած է: Այս մասին` ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ թրքական  «beyazgazete.com» կայքը: Եկեղեցւոյ բացման ներկայ  եղած է Քէրքուքի նահանգապետ Նեճմեթթին Քերիմը, որ հանդէս  եկած է ելոյթով: Քերիմ, տեղեկացնելով, որ վերջին տարիներուն  Քէրքուքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու 75 տոկոսը հեռացած է երկրէն, ըսած է, որ իրենք  կ’ընեն հնարաւորը այդ արտագաղթը կանխելու համար:

Նահանգապետը ըսած է, որ չնայած Պաղտատի հետ քաղաքական հակասութիւններուն իրենք կը շարունակեն իրականացնել նախատեսուած ծրագիրները:

Արքեպիսկոպոս Ապիտին Մարկոսեան  նշած է, որ վերջին տարիներուն քրիստոնեաները եւ յատկապէս հայ քրիստոնեաները Իրաքի մէջ մեծ դժուարութիւններու միջով կ’անցնին:

«Այդ ամէնուն հիմնական պատճառը ծայրահեղական կազմակերպութիւններն են: Կեանքի ապահովութեան համար Քէրքուքէն հազարաւոր հայ ընտանիքներ  հեռացած են: Այսօր Քէրքուքի մէջ հազիւ 50 հայ ընտանիք կ’ապրի»,- նշած է հայ հոգեւորականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.