2015-08-22 10:32:00

՝՝Ան կը կերպարանափոխէ քու սիրտդ՝՝ Ուրուկուայի երիտասարդաց հաւաքի բնաբանը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրուկուայի մէջ, Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի երիտասարդներու հովուական խնամակալութեան յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Մոնթէվիտէոյի մէջ 5-6 սետպտեմբեր 2015ին, տեղի կ՝ունենայ “Ան կը կերպարանափոխէ քու սիրտդ՝՝ բնաբանով, Երիտասարդներու 37րդ հաւաքը։ Նախատեսուած է, որ վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնկացութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 6000 երիտասարդներ։

Երիտասարդաց հանդիպումի ծիրէն ներս, կը կատարուին Աւետարանական խորհրդածութիւններ, աղօթքի հսկում, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք եւ անհատական փորձառութիւններու փոխանակում։ Հաւաքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը պիտի կատարէ Մոնթէվիտեօ թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տանիել Ֆէրնանտօ Սթուրլա Պերհուէ՝ Սուրբ Պատարագի զոհի մատուցմամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.