2015-08-21 13:34:00

Քուպայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան առթիւ ողորմութեան դրամահաւաք


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կազմակերպութեամբ, կիրակի 30 օգոստոսին, Քուպայի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ողորմութեան դրամահաւաք պիտի կատարուի՝ անտէր եւ աղքատ մարդոց օժանդակութեան հասնելու համար։

Քուպայի եպիսկոպոսաց դասի նախագահ գերապայծառ Տիոնիզիօ Կարսիա Իպաէզի տեղեկութիւններ տալով ձեռնարկին մասին, յայտնեց՝ թէ ողորմութեան դրամահաւաքը կազմակերպուած է առ ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 19-22 սեպտեմբեր 2015-ին, Քուպայի կատարելիք այցելութեան, որուն բնաբանն է ՝՝Ողորմութեան միսիոնարներ՝՝։

Դրամահաւաքի ողորմութեան օրը կը զուգադիպի Քուպայի պաշտպան Սրբուհի Տիրամօր տօնին օրը, ուր Քորպէյի Սիրոյ Տիրամօր մայր տաճարին մէջ սկիզբ կ՝առնեն Տիրամօր նուիրուած ջերմեռանդական իննօրեայ աղօթքները։

Ողորմութեան դրամահաւաքի առթիւ բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուած են իրենց նպաստը բերել՝ ըլլայ ան սննդեղէն, կամ դրամական նպաստ, եւ կամ այլ զանազան առարկաներ՝ յօգուտ ամենէն կարիքաւորներուն։

Գերապայծառ Տիոնիզիօ Կարսիա, իր տուած տեղեկութեան աւարտին մաղթանք յայտնած է որ Ֆրանչիսկոս Պապի Քուպայի տալիք այցելութիւնը ըլլայ փրկութեան հանդէս մը։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Քուպա կը մեկնի 19 սեպտեմբերին։ Յաջորդ օր առաւօտեան, Հաւանայի Յեղափոխութեան հրապարակի վրայ կը մատուցանէ հանդիսաւոր Սուրբ  Պատարագ, ապա կը հանդիպի տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ։  Նոյն օրը յետմիջօրէին,­ կը հանդիպի կղերական դասին հետ։

Ապա՝ Երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին, Հոլկուին քաղաքին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանելէ ետք, յետմիջօրէին, Քորպէյի Սիրոյ Տիրամօր սրբավայրին մէջ  կը մասնակցի այս առթիւ կազմակերպուած  աղօթքի  արարողութեան։
22 սեպտեմբերին, Քուպայի Տիրամօր Վերափոխման անուան Մայր տաճարին մէջ հանդիպում կ՝ունենայ խումբ մը ընտանիքներու հետ, եւ ապա կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր Ֆիլատելֆոյ մէջ, 28 սեպետմբերին,  կը  մասնակցի Ընտանիքի միջազգային հաւաքի եզրափակիչ հանդիսութեան։.








All the contents on this site are copyrighted ©.