2015-08-21 09:31:00

Սուրիոյ Հոմս Քաղաքի մօտ գտնուող Մար Էլիան վանքը կործանուած է


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 21 օգոստոսին, Սուրիոյ մէջ Իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումները կործանած են  Սուրիոյ Հոմս քաղաքի մօտ գտնուող Քարիքաթայն շրջանի  Մար Ելիան  վանքը. որ կառուցուած է Ե, դարուն։ Սփռուած տեսերիզով մը ահաբեկիչները ցուցադրած  են վանքի քանդումի ոճրային արարքը։  Սուրիոյ մէջ մարդակային իրաւանց դիտարանը հաստատած է սոյն լուրը։

Քարյաթայն շրջանը օգոստոս ամիսէն ի վեր, կը գտնուի Իսլամական խմբաւորումներուն տիրապետութեան տակ։ Սուրիոյ կառաւարութիւնը  զանազան յարձակումներ կատարելով  փորձած է իր հակակշիռին տակ  առնել շրջանը սակայն՝ չէ յաջողած։








All the contents on this site are copyrighted ©.