2015-08-21 09:49:00

Գաղթականներու համաշխարհային 102-րդ օրուայ Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական Գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու խորհուրդ­ը­­, հինգշաբթի` 20 օգոստոսին հրապարակած  հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց թէ յառաջիկայ 17 յունուար 2016-ին նշուելիք, գաղթականներու համաշխարհային 102-րդ օրուայ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս իր պատգամի նիւթ   ընտրած է ''Գաղթականներն ու ապաստանեալները  մեզ կը հարցաքննեն.  Ողորմութեան  Աւետարանի  պատասխանը'' 

Հաղորդագրութեան մէջ Քահանայապետական Գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու խորհուրդը նշած է նաեւ թէ ­Ֆրանչիսկոս Պապի ընտրած նիւթը պէտք է զետեղել Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ շրջագիծէն ներս, որ Քահանայապետը 11 ապրիլին, յատուկ կոնդակով մը հռչակած է, եւ որ սկիզբ պիտի առնէ 8 դեկտեմբեր 2015ին եւ վերջ պիտի գտնէ նոյեմբեր 2016-ին։

''Գաղթականներն ու ապաստանեալները  մեզ կը հարցաքննեն.  Ողորմութեան  Աւետարանի  պատասխանը''  նիւթը կ՝ընդգծէ երկու տեսակէտեր. նիւթին առաջին մասը՝ մեզի  կը յիշեցնէ անթիւ այր մարդոց ու կիներու ողբերգական կացութիւնը, որոնք ստիպուած են լքել իրենց սեփական հողերը։ Ինչպէս նաեւ կը շեշտէ չմոռնալ ներկայիս ծովային աղէտները,  որուն թիրախ ու զոհ են հազարաւոր գաղթականներ։ Սոյն մոռացութեան ենթարկուելու յստակ վտանգին դէմ` Ֆրանչիսկոս Պապ կը ներկայացնէ գաղթականներու ողբերգութիւնը՝ որպէս մեզ հարցաքննող իրականութիւն  մը։ Այս շրջագիծէն ներսն  է, որ կը կայանայ Ֆրանչիկսոս Պապի Ողորմութեան կոնդակի մէջ գրած խօսքը` ՝՝չիյնանք նուաստացուցիչ անտարբերութեան, սովորամոլութեան մէջ որ կը զգայազրկէ հոգին եւ կ՝արգելափակէ յայտնաբերել՝ նորութիւնը։

Բանանք մեր աչքերը նայելու համայն աշխարհի  դժբախտութիւններուն, մեր եղբայրներու ու քոյրերու վէրքերուն, որոնք զուրկ  են արժանապատուութիւնէն, եւ մենք մեզի գրգռուած զգանք՝ ունկնդրելու անոնց աղերսանքը։ Որպէսզի անոնց աղերսը ըլլայ մերը, եւ կարենանք միասնաբար յաղթահարել անտարբերութեան պատնէշը որ յաճախ  տիրապետած է,  ծածկելու համար անձնասիրութիւնն ու կեղծաւորութիւնը։

Պատգամին նիւթին երկրորդ մասով՝ Ֆրանչիկոս  Պապ բացայայտօրէն կ՝ուզէ  կցել գաղթականութեան հոլովոյթը,   աշխարհի եւ յատկապէս եկեղեցւոյ տուած պատասխանին։ Այս հոլովոյթէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ , Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ընթացքին, մտածել նիւթական եւ հոգեւոր ողորմութիւններու մասին , որոնց շարքին`  հիւրասիրել գաղթականները,  առանց մոռնալու թէ նոյնինքն Քրիստոս ներկայ է փոքրիկներուն մէջ եւ մեր կեանքի վերջաւորութեան պիտի դատուինք սիրոյ տուած պատասխանի համաձայն։ (Մատթ 25, 31-45)








All the contents on this site are copyrighted ©.