2015-08-20 09:20:00

“Սուրբ երկրի մէջ պատնէշի կառուցումը նախատինք է խաղաղութեան” Պատրիարք Ֆուատ Թուալ


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ երկրի Լատիններու Պատրիարք գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ, 19 օգոստոսին հրատարակած հաղորդագրութեամբ մը դատապարտած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի սահմանը բաժնող բարձր պատնէշի մը կառուցման գործողութիւնը, զայն համարելով խաղաղութեան  նախատինք, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու բռնաբարում։

Նշենք, թէ պատնէշի կառուցման աշխատանքները վերսկսած են տարւոյս 17 օգոստոսին։

Լատիններու Պատրիարքը կոչ ուղղած է Իսրայէլի պետական իշխանութիւններուն, որպէսզի անմիջապէս կասեցնեն պատնէշի կառուցման աշխատանքները, եւ սպասեն Իսրայէլի Գերագոյն Ատեանի վճիռին։








All the contents on this site are copyrighted ©.