2015-08-20 09:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնը Պանկքոքի մէջ ահաբեկչական գործողութեան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Պանկքոքի  Էրաքան անուան սրբավայրի մօտ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան ի լուր,  որուն զոհ գացած են  20 հոգիներ եւ  պատճառած է անթիւ վիրաւորներ, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, յանուն  Ֆրանչիսկոս Պապի, չորեքշաբթի, 19 օգոստոսին , ցաւակցական պատգամ յղեց, Թայլանտի թագաւոր Պհումիոլ Ատուլյատաէի, որուն մէջ գրած է , թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը քաջ գիտակից է Թայլանտի պետութեան տածած աշխատանքներուն՝ ահաբեկչական գործողութեան  պատասխանատուները  գտնելու համար,  յայտնած է Նորին Սրբութեան անկեղծ մօտիկութիւնը  բոլոր անոնց հանդէպ որոնք խորապէս վնասուած են   ահաբեկչական  գործողութենէն։
Կարինդալ Փարոլին, պատգամը  աւարտած է  ապահովուելով Սրբազան Հօր աղօթքը
զոհերու հոգիներուն համար,  եւ փոխանցելով  Ֆրանչիսկոս Պապի օրհնութիւնները վիրաւորներուն եւ մեռեալներուն ընտանեկան պարագաներուն։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.