2015-08-19 11:01:00

Նիճերիոյ մէջ ահաբեկիչները դարձեալ յարձակումներ կատարած են բնակչութեան վրայ


Ռատիօ Վատիկան) Նիճերիոյ մէջ, Պոքօ Հարամ ծայրայեղական խմբաւորումները, դարձեալ յարձակած են Յոպօ գիւղաքաղաքին վրայ, սպաննելով շուրջ 150 հոգիներ եւ վախի մատնելով շրջանի բնակիչները, մինչ տարածաշրջանի բնակչութիւնը անհամբեր կը սպասէ միջազգային բանակի մը միջամտութեան։

Իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումները կրակ բացած են շրջանի բնակչութեան վրայ, ստիպելով զանոնք փախչիլ եւ ապաստան գտնել գիւղի մօտ գտնուող գետափի շուրջ։ Փախչողներէն շատերը խեղդամահ եղած են՝ վերջերս տեղացող տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով յորդած գետին մէջ։

Նշենք, թէ շրջանի բնակչութիւնը, 2015ի յուլիսէն ի վեր, կը սպասեն միջազգային զօրքի միջամտութեան։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.